Ծայր աստիճան անհանգիստ, սակայն միաժամանակ համբերութեամբ կը դիմագրաւէ Սուրիահայութիւնը՝ Սուրիոյ դէմ յարձակման մասին լուրերը:

Հալէպի մէջ մեր թերթի ծանօթ աղբիւրներ ստոյգ կերպով կը հաղորդեն, թէ քաղաքը լրիւ շրջապատուած է, այսուհանդերձ յարձակման մասին լուրերը խուճապի չեն մատներ ժողովուրդը: Միութենականները հսկողութեան տակ առած են հայկական հաստատութիւնները եւ ապահովութեան կը հսկեն։ Յաճախ հրթիռներ եւ ռումբեր կ'իյնան շրջաններէն ներս, հրդեհներ կը ծագին, քաղաքացիներ կը տուժեն։

Ժողովուրդը լուրջ դժուարութիւն կը դիմագրաւէ ահաւոր սղութեան հետեւանքով, օրուայ հացը ապահովելու իմաստով։ Վառելանիւթ չկայ, իսկ քաղաքին սննդամթերք հասցընելու ուղիները փակ են։ Կաթնամթերք, մսեղէն ու բանջարեղէն գտնելը շատ դժուար է, կամ չափազանց սուղ։

Հալէպի մէջ հայութիւնը կը փորձէ իր կեանքը շարունակել։ Հայկական վարժարանները յայտարարած են ուսումնական տարուայ սկիզբը եւ սկսած են ընդունիլ աշակերտներ։ Ընթացքի մէջ են դասագիրքեր ապահովելու աշխատանքները։