Ֆրանսայի «Նոր Յառաջը» կը տեղեկացնէ թէ անցեալ Շաբաթ 5 Հոկտեմբերին, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ կրթարանի նոր շէնքին շինարարական աշխատանքներու վերսկսման օրհնութիւնը կատարուեցաւ։

Ողիմպական ջահը Ռուսաստանի մէջ փոխադրելու համար տաս մարզիկներու շարքին ընտրուած էր նաեւ վեթերան հայ լողորդ Շաւարշ Կարապետեանը, որ Քրեմլին հասցուց Յունաստանի Օլիմպիայի մէջ եօթ օր առաջ ճամբայ ելած ողիմպիական ջահը։

«Ասրար» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ արտաքին գործոց նախկին փոխ նախարար Լապիտ Իպաուի յայտնած է, որ «Օսմանեան պետութեան կողմէ» հայոց եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ոճիրը դիւրին հարց մը չէ եւ Իրաքի կողմէ անոր ճանաչումը պէտք է ունենայ տուեալներ,

Սեպտեմբեր 28-ին Լիբանանցի լեռնագնացներու «ՀԱՅ ԹԻՄ»ը հայոց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը բարձրացուց Էվէրէսթի բարձունքներուն վրայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21ին Ֆրանսայի Մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Քոմպիէն քաղաքի համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Խաչքարերու Արուեստ» ցուցահանդէսին բացումը: