
«Ազդակ» կը հաղորդէ թէ կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու ներկայութեամբ լիբանանահայ մամուլի մշակներու, մշակութային թէ միութենական ներկայացուցիչներու, երէկ՝ 3 Հոկտեմբերին, դեսպանատան մէջ կայացաւ հայ մամուլի վաստակաշատ մշակներէն Շահանդուխտի (Սանդուխտ Պերթիզլեան) եւ դոկտ. Նորա Արիսեանի պարգեւատրումը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
Այս առիթով Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաները՝ նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը բարձր կը գնահատէ հայրենակիցներու արժանիքներն ու աւանդը հայապահպանման առաքելութեան մէջ: «Մովսէս Խորենացի շքանշանը կը շնորհուի հայ մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան, կրթութեան եւ մարդկային գիտութիւններու մարզերուն մէջ ստեղծագործական ակնառու նուաճումներու համար», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան՝ իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ պետական նման պարգեւատրումով վարձատրուողներու շարքը կ՛ընդգրկէ նշեալ մարզերուն մէջ նշանակալի աւանդ ունեցող մեր հայրենակիցները:
Ան նշեց, որ պարգեւատրեալները իրենց ստեղծագործութիւններով աշխարհին կը ծանօթացնեն հայ մարդը, անոր հոգեբանութիւնը, արժէքներու համակարգը, ազգային հիմնախնդիրները, անոր ցաւը, պայքարը եւ անշուշտ՝ յաղթանակները: «Միասնական ըլլանք համազգային հիմնահարցերու բարձրաձայնումի հարցին մէջ», շեշտեց դեսպան Քոչարեան՝ իր համոզումը յայտնելով, որ օր ըստ օրէ ամրապնդուող հայոց պետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի միասնական կամքով եւ ներուժով կը յաղթահարուին բոլոր մարտահրաւէրները:
Դեսպան Քոչարեան այս առիթով իր ջերմ շնորհաւորանքները փոխանցեց նաեւ մամուլի վաստակաշատ երկու այլ մշակներու՝ Ժիրայր Դանիէլեանին եւ Համբիկ Մարտիրոսեանին, որոնք նոյնպէս արժանացած են «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, զոր պիտի ստանան Երեւանի մէջ, յատուկ հանդիսութեամբ:
Օրուան հանդիսավար Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան իր կարգին ողջունելէ ետք ներկաները՝ շնորհաւորեց երկու պարգեւատրեալները՝ ներկայացնելով իւրաքանչիւրին կենսագրական գիծերը: Ապա դեսպան Քոչարեան ընթերցելէ ետք յատուկ այս առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրապարակած հրամանագիրը, անջատաբար յանձնեց շքանշանները:
Շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան: Յաջորդեց հիւրասիրութիւն: