«Ասրար» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ արտաքին գործոց նախկին փոխ նախարար Լապիտ Իպաուի յայտնած է, որ «Օսմանեան պետութեան կողմէ» հայոց եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ոճիրը դիւրին հարց մը չէ եւ Իրաքի կողմէ անոր ճանաչումը պէտք է ունենայ տուեալներ,

որոնց առաջինը այդ հարցը իրաքեան սեղանի վրայ դնելով Թուրքիոյ հետ անոր ազդեցութեան հարցը սերտելն է:

Ան աւելցուցած է, որ այդ հարցը նաեւ պէտք է ներկայացուի Իրաքի մէջ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններուն, ապա Իրաքի խորհըրդարանը Հայոց եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ քուէարկութիւն կը կատարէ: