Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21ին Ֆրանսայի Մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Քոմպիէն քաղաքի համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Խաչքարերու Արուեստ» ցուցահանդէսին բացումը:

Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի համար այս նշանակալի օրը Քոմպիէնի մէջ նշելու որոշումը հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան կարեւորութեան վկայութիւնն է:

Նոյն օրը Ռոքպրիւն-սիւր-Արժանսի քաղաքապետարանին որոշումով եւ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ խաչքարի տեղադրման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Մարսէյ, Լիոն, Վալանս, Ալֆորվիլ, Իսի լէ Մուլինօ եւ այլ հայաշատ քաղաքներու մէջ: