Սումկայիթեան սպանդի՝ 26 Փետրուար թուականին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ Հայ Դատի Գրասենեակի կազմակերպած քաղաքական ձեռնարկին աւարտին պատահած միջադէպին իրաւական հոլովոյթը կը շարունակուի:

Ծանօթ է, որ օրին Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած դաւադիր գրգռութիւնը, որ կը միտէր խանգարել բարձրորակ քաղաքական ձեռնարկը, որուն ներկայ էին մեծաթիւ ֆրանսացի քաղաքական անձնաւորութիւններ, յանգած էր դատական գործընթացի: Ազերիական կողմը փորձելով իբրեւ զոհ ներկայանալ, դատ յարուցած էր Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակին դէմ՝ ֆիզիքական եւ բանաւոր բռնութեան ենթարկուած ըլլալու ամբաստանութեամբ: Երեք ամիս տեւած դատական այս ընթացքը Մայիսին «ոչ ոքի» վճիռով փակուած էր դատախազին, ապա ընդհանուր դատախազին կողմէ:

Այժմ, ազերիական կողմը դիմած է վերադատ ատեան, հարցին վերանայման պահանջով:

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանի հաստատումով, ազերիական կողմը կը շարունակէ հարցը հետապնդել զուտ քարոզչական ու քաղաքական նկատառումներով, որուն թիրախը է ու կը մնայ ֆրանսահայ համայնքը, որուն դէմ արշաւի նախաձեռնած են թրքական եւ ազերիական պաշտօնական շրջանակները՝ յետ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման օրէնքի հետապնդման: Ըստ Վարժապետեանի, այս արշաւը, հակահայ այս ծրագրուած ուղեգիծը, որ կազմակերպուած է ուղղակի Անգարայէն եւ Պաքուէն, հետզհետէ պիտի սաստկանայ եւ ոչ՝ հակառակը: «Իսկ մենք՝ ֆրանսահայ բոլո՛ր հոսանքները անխտիր, միաւորուա՛ծ, պիտի շարունակենք Հայ Դատի պայքարի մեր երթը, համոզուած ու առանց ընկրկումի: Ինչ կը վերաբերի յատկապէս դատական ա՛յս թղթածրարին, մենք թէ՛ իրաւական, թէ՛ քաղաքական առումով պատրաստ ենք դիմագրաւելու զայն եւ վստահ ենք, որ ազերիական այս ու նմանօրինակ փորձերը պիտի ձախողին, նոյնիսկ եթէ սկսած են հետզհետէ աւելի լուրջ դառնալ», կ’եզրակացնէ Վարժապետեան: