Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ» օրաթերթը կը հաղորդէ թէ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին բողոքի ցոյց մը պիտի կազմակերպուի Լոս Անճելըս այցելող Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Ալի Պապաճանի դէմ, որ հրաւիրուած է ելոյթ ունենալու Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին առջեւ:

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի զինուորական աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, թէ Ռուսիա յառաջիկայ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանին պիտի   յանձնէ «Ուրան Ի.» տիպի հեռահաս հրթիռներու համակարգները:

ՊՈՍԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15-ին, կատարուեցաւ Մասաչուսէց նահանգի հինգերորդ ընտրաշրջանի քոնկրէսական աթոռի ընտրութիւնը, փոխարինելու համար Էտ Մարքին, որ Յունիս 25-էն ի վեր ընտրուած է ծերակուտական, փոխարինելով արտաքին գործոց նախարար ընտրուած Ճոն Քերին:

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Թրքական «Այքըրը Տողրուլար» համացանցային թերթը կը գրէ, թէ հայ լրագրող մը՝ Ճեւաթ Սինեթ, որ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ ճնշումներու եւ սպառնալիքներու ենթարկուած էր,

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկութիւններու համաձայն, Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նախկին սաներու հաւաք, ներկայութեամբ շուրջ 150 մեսրոպեանականներու: