Ուրբաթ 14 Մարտին Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ Մեծ Պահոց հսկումի երկոյեան արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը՝ 2014 Հայ Տարեցի տարուան առիթով, «Տարեցին խնամքը Աստուածաշունչին մէջ» նիւթով: Նիւթը ներկայացուց պրն. Հրայր Ճէպէճեան՝ Արաբական Ծոցի Աստուծաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար:
Հրայր Ճէպէճեան նախ իր երախտագիտական խօսքերը ներկայացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին, որ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքերուն համար այժմէական եւ կարեւոր նիւթ մը մեր ուշադրութեան եւ մտածողութեան կը յանձնէ: Ան իր ելոյթը սկսաւ Վեհափառ Հայրապետին տարեցներու տարուան կոնդակին բովանդակութեան երեք գլխաւոր մասերը վեր առնելով ՝ Տարեցը Աստուածաշունչին մէջ, Տարեցը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ յարգել եւ խնամել տարեցները իր չորս ենթաբաժիններով՝ պաշտպանել, յարգել, լսել եւ խնամել տարեցները:
Հրայր Ճէպէճեան ընդգծեց «խնամք»ի հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը մեկնելով Աստուածաշնչային, քրիստոնէական եւ եկեղեցաբանական տեսանկիւններէն: Ան վեր առաւ քրիստոնեայ հաւաքականութեան ՝ իմմա եկեղեցւոյ առաքելութեան diakonia (սպասարկութիւն) հասկացողութիւնը, որ կը բնորոշէ եկեղեցիին նկարագիրը: Diakonia «ծառայութիւն մըն է, որ կը նպատակագրէ փոխել մարդոց կեանքերը եւ մասնակից դառնալ նուազ փախտաւոր մարդոց վիճակները բարելաւելու՝ իմմա նեղութիւն, ցաւ, հիւանդութիւն, անապահովութիւն», ըսաւ ան: «Երբ կը խօսինք յարգել եւ խնամել տարեցները կը խօսինք եկեղեցիին եւ քրիստոնեայ անհատին առաքելութեան մասին՝ diakonia, որ պատգամ մըն է շարժումի՝ բան մը փոխելու եւ անպայմանօրէն դէպի լաւը», ըսաւ ան:
Բանախօսը ապա վեր առաւ Աստուածաշունչի Գործք Առաքելոց 2:42-47 համարները, որ կը խօսին առաջին դարու եկեղեցիին կազմակերպութեան մասին՝ պենտեկոստէի օրը եւ, թէ ինչպէս սպասարկութեան առաքելութիւնը սկսաւ նոյնինքն եկեղեցիին ծնունդովը եւ, թէ ինչպէս եկեղեցիին անդամները «միշտ կը յարատեւէին առաքեալներու ուսուցմունքին ու հաղորդութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու»: Այս իմաստով ան ընդգծեց, թէ քրիստոնեային եւ եկեղեցիին «խնամքին»ի հասկացողութիւնը «համապարփակ» է եւ կ՛ընդգրկէ ուսուցմունք, հաղորդականութիւն, գործնական հոգածութիւն, խնամք եւ աղօթք: Այս համապարփակ խնամքը «սքանչելիքներ եւ նշաններ» ստեղծեց եւ երբ կերակուրը կը բաժնէին եւ կ՛ուտէին «ցնծութիւն եւ պարզամտութիւն» կար եւ իրենց աղօթքներով «շնորհք կը գըտնէին»:
Նիւթը՝ իր աժմէական մտահոգութիւններով եւ հասկացողութեամբ գնահատանքի արժանացաւ ներկաներուն կողմէ: Նոյն դասախօսութիւնը կրկնուեցաւ Կիրակի 16 Մարտին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին պատարագին ընթացքին:
Ներկայ մը