Թուրքիա պէտք է առերեսուի սեփական պատմութեան հետ՝ հետեւելով Գերմանիոյ օրինակին. այսպէս յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց, Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի հետ հանդիպման ընթացքին

Ըստ ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան, Շուլց ըսած է. «Լաւագոյն խորհուրդս Թուրքիոյ այն է, որ ան դէմ յանդիման գայ սեփական պատմութեան հետ, որովհետեւ միայն այդ պարագային կարելի պիտի ըլլայ կայուն ապագայ մը մէջտեղ բերել»:
Գերմանացի երեսփոխանը անդրադառնալով իր երկրի՝ Գերմանիոյ պարագային, դիտել տուած է թէ Գերմանիա  եւս «բաւական բարդ» պատմութիւն ունեցած է, սակայն շատ նրբօրէն կը վերաբերի իր պատմութեան հետ, մինչեւ այսօր»:
«Դուք պէտք է արտօնէք, որ ազատ հետաքննութիւններ կատարուին 1915ի առնչութեամբ, եւ եթէ այդ հետաքննութիւնները յստակացնեն, թէ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր, ապա դուք պէտք է զայն ընդունիք», ըսած է Շուլց իր խօսքը ուղղելով Պաղըշի:
Յիշեցնենք, որ Պաղըշ այն նախարարն է, որ վերջերս Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար կը հետապնդուի Զուիցերիոյ  արդարադատութեան կողմէ:
Անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին՝ Եւրոխորհրդարանի նախագահը նշած է, թէ ինք տեղեակ է, որ Եւրոմիութեան մէջ նման օրէնք մը բաւական շատ աջակիցներ ունի, եւ ի՛նք եւս կը  յարգէ ֆրանսական խորհրդարանին որոշումը: