Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալէն Ժիւփէ, անգամ մը եւս իր տեսակէտը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի առընչութեամբ:

Ինչպէս կը հաղորդէ Le Monde-ը ֆրանսա-իսրայէլ հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, Ժիւփէին հարց տրուած է, թէ արդեօք իր եւ երկրի ղեկավարի միջեւ հակասութիւններ կա՞ն այս հարցի կապակցութեամբ:
«Ես մէկ անգամ արդէն մէջբերած եմ Ժան Փիէր Շէվէնմանը եւ այդ մէկը դարձեալ պիտի ընեմ՝ «նախարարը պէտք է փակէ իր բերանը, կամ հեռանայ»: Ուստի այս մասնաւոր պարագային ես կը փակեմ իմ բերանս» ըսած է Ժիւփէ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի կառավարութեան Յունուար 31ի նիստին, Նիքոլա Սարքոզի յայտարարած էր թէ օրինագիծի մերժման պարագային, ան նոր օրինագիծ պիտի ներկայացնէ: