altԹուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ պատ­գա­մա­ւոր, քրտա­մէտ ընդ­դի­մա­դիր Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (ԺԺԿ-HDP) ան­դամ Կա­րօ Փայ­լան իր կու­սակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին մէջ:

 

 

«Ար­մէնփ­րես» կը գրէ, որ քա­րիւ­ղի գի­նի ան­կու­մէն կա­թո­ւա­ծա­հար իր տնտե­սու­թեամբ՝ Ազր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւ­նը ինչ­պէս բազ­մա­թիւ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ, այն­պէս ալ ռազ­մա­կան ո­լոր­տին մէջ կանգ­նած է շատ լուրջ խնդի­րի առ­ջեւ.- Ինչ­պէ՞ս դուրս գալ 10 ռազ­մա­կան կա­ռոյց­նե­րու մէջ ծա­ռա­յող շուրջ 200 հա­զար զի­նո­ւոր­նե­րու, յատ­կա­պէս պաշտ­պա­նու­թեան­նա­խա­րա­րու­թեան կազ­մին մէջ գտնո­ւող զօ­րա­միա­ւո­րում­նե­րու մէջ ծա­ռա­յող 80 հա­զա­րէն ա­ւե­լի զի­նո­ւոր­նե­րու եւ զի­նա­միա­ւոր­նե­րու ռազ­մա­կան-սպա­ռա­զի­նա­կան ա­պա­հով­ման հա­մա­կար­գի ճգնա­ժա­մէն։

altՅու­նո­ւար 19ին` Հ­րանդ Տին­քի սպա­նու­թեան 9րդ տա­րե­լի­ցին, Ե.Ա.Հ.Կ.ի մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան հար­ցե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տու­նիա Միա­թո­վիչ կոչ ուղ­ղած է Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, որ ա­րագ ու թա­փան­ցիկ դա­տա­վա­րու­թիւն մը ա­պա­հո­վեն, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ բա­ցա­յայ­տել Տին­քի սպա­նու­թեան իս­կա­կան

alt1800ա­կան­նե­րուն պատ­մա­կան Երզն­կա­յի մէջ կա­ռու­ցո­ւած Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին գանձ ո­րո­նող­նե­րու փո­րած փո­սե­րուն հե­տե­ւան­քով ա­ւե­րա­կի վե­րա­ծո­ւած է, Tert.amի հա­ղորդ­մամբ՝ գրած է «Ա­կօս»:

altԿ. Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քի փո­խա­նորդ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան անդ­րա­դար­ձած է Վա­նի Աղ­թա­մար կղզիին վրայ գտնո­ւող Սուրբ Խաչ հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Պա­տա­րագ­նե­րը ա­ւելցնե­լու վե­րա­բե­րեալ Թուր­քիոյ մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ո­րոշ­ման,- կը գրէ Ermenihaber.am: