14 Յունուարէն 15 Յունուար լուսցող գիշերը, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ եւ նռնականետներէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 600 կրակոց:
Բացի վերոնշեալէն, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Յունուար 14ին, ժամը 21:30ի շուրջ, ատըրպէյճանական բանակի յա
տուկ նշանակութեան ուժերը շփման գիծի արեւելեան ուղղութեամբ ձեռնարկած են թափանցման-հետախուզական փորձի: Լ.Ղ.Հ. «պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշել են հակառակորդի դիւերսիոն (խափանարար) խմբի առաջխաղացումը եւ ձեռնարկել համապատասխան կանխարգելիչ միջոցառումների: Արդիւնքում սպաննուել է հակառակորդի առնուազն երկու զինծառայող, խմբի մնացած անդամները դիմել են փախուստի»,- նշուած է նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Արձանագրուած փոխ-հրաձգութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած, բանակի զօրամասերը իրենց հակակշիռին տակ պահած են կացութիւնը՝ շարունակելով լիուլի կատարել իրենց մարտական պարտականութիւնը։