Կիւլնար Սալիմովա kyivpost.com կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Ատրպէյճանի մէջ խանութները մէկ առ մէկ կը փակուին , ապրանքներու գիները կը բարձրանան, ամսականներու վճարումը կ’ուշանայ եւ մարդիկ խուճապի մատնուած են։ Ատրպէյճանի ազգային դրամանիշը՝ մանաթը արագ կերպով կ’արժեզրկուի։
Կ՚արժեզրկուի նաեւ քարիւղը, որ Ատրպէյճանի արտածումներուն 94 առ հարիւրն է եւ պիւտճէին 73 առ հարիւրը։ Դրամանիշը տոլարին դիմաց իր արժէքին մեծամասնութիւնը կորսնցուց, երբ կա
ռավարութիւնը՝ երկրին օտար դրամանիշներու պահեստին կէսը սպառելէ ետք՝ դադրեցաւ աջակցելէ մանաթին։
Գնաճին եւ ամսականներու վճարման ուշացումներուն դէմ բողոքի առաջին ցոյցերը տեղի ունեցան Լանքարան, Ակժապատը եւ Սիյազան քաղաքներուն մէջ։
Երկրին բռնապետ նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըստ երեւոյթին չունի ժողովուրդը փրկելու որեւէ ծրագիր եւ կը միայն կ’ըսէ, թէ գիներու վերահսկողութիւն պիտի հաստատէ։
Տնտեսագէտ Նաթի Ժաֆարլի, նախագահ Ալիեւի ներկայ կացութեան դէմ յանդիման, նախագահին վերաբերմունքը կոչած է «սովետական վարչարարութիւն։
Ալիեւի մարդկային իրաւանց մարզի մէջ արձանագրած թերութիւնները կը նշանակեն, որ Ատրպէյճան չի կրնար այլ երկիրներու նման Եւրոպական Միութեան կողմէ օժանդակութեան ապաւինիլ։