Յունուար 19ին` Հրանդ Տինքի սպանութեան 9րդ տարելիցին, Ե.Ա.Հ.Կ.ի մամլոյ ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Տունիա Միաթովիչ կոչ ուղղած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ արագ ու թափանցիկ դատավարութիւն մը ապահովեն, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել Տինքի սպանութեան իսկական
պատուիրատուները: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։ Այս առիթով հրապարակուած է յատուկ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի.- «Լիայոյս ենք, որ դատական գործի ծիրին մէջ վերջին զարգացումները օգնեն վեր հանելու եւ պատասխանատուութեան կանչելու սպանութեան իրական պատուիրատուները»:
Տունիա Միաթովիչ վկայակոչած է 2015ի Դեկտեմբերին Պոլսոյ դատախազութեան տուած որոշումը, ըստ որուն՝ գլխաւոր դատախազը միջնորդած էր, որպէսզի հետաքննութեան մէջ ներգրաւուին ապահովական մարզի 25 պաշտօնատարներ, որոնց մասնագիտական հաւանական անփութութեան պատճառով տեղի ունեցած է Տինքի սպանութիւնը: «Վստահ եմ, որ դատավարութիւնը ի վերջոյ արդարութիւն պիտի բերէ Տինքի ընտանիքին, ընկերներուն եւ գործընկերներուն: Սպանութեան իրական պատուիրատուները բացայայտելը ամբողջ հանրութեան ցոյց պիտի տայ մամլոյ եւ խօսքի ազատութեան կարեւորութիւնը եւ լրագրողներու դէմ կիրարկուած բռնութեան դէմ պայքարելու շարունակական անհրաժեշտութիւնը»,- եզրակացուցած է Ե.Ա.Հ.Կ.ի ներկայացուցիչը: Միւս կողմէ՝ «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Տինքի յիշատակին արարողութիւն մը տեղի ունեցած է նաեւ անոր ծննդավայրին` Մալաթիոյ մէջ: