Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Պաքուի մէջ իրականացուելիք «Եւրոտեսիլ-2012» երգի մրցոյթին համար ծախսած են 1 միլիառ տոլար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Միր» հեռուստաալիքը:

«Հիմնական միջոցները ուղղուած են Կասպից ծովու ափին 50 հազար հանդիսատեսի համար նախատեսուած համերգասրահի կառուցման: Ատրպէյճանի ելեւմտական նախարարութիւնը հաշուած է, որ նախապատրաստական աշխատանքներու համար պիւտճէէն ծախսուած է  1 միլիառ տոլար»,- կը նշէ հեռուստաալիքը:
«Պաքուի բոլոր հիւրանոցներն ու ճաշարաններուն մեծ մասը հրաւիրած են եւրոպացի եւ ասիացի խոհարարներ` տեղի խոհարարներուն սորվեցնելու համար: Կը պատկերացնէք` մեր մօտ սկսած են պատրաստել խորոված ճափոնական ծովամթերքով եւ տոլմայ՝ խոզի միսով»,- «Միր»-ին պատմած է Պաքուի հիւրանոցներէն մէկուն ղեկավարներէն Ուալիտ Սալիեւը:


Ատրպէյճանի դէմ բողոքները կը բազմանան

ՊՈԼԻՍ .- «Եուրովիժըն» երգի մրցումը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ, պատճառ դարձած է, որ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ շարժման անցնին՝ Ատրպէյճանի մէջ իրաւունքներու խախտումներուն դէմ բողոքելու համար։ Անոնք կը պնդեն, որ այս շքեղ մրցանքը պիտի չկարենայ քօղարկել այն խախտումներն ու բռնակալութիւնները, որոնք կը գործադրուին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, երկրի տարածքին: Այս կազմակերպութիւնները կը պահանջեն, որ մասնակիցները պոյքոթ հռչակեն այս մրցումին դէմ։
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթին համաձայն՝ այն օրէն, երբ Հայաստան հաղորդեց, թէ պիտի չմասնակցի այս մրցումին, Եւրոպայի զանազան կեդրոններէ կոչեր կատարուած են, որպէսզի մասնակիցները պոյքոթի ենթարկեն Պաքուի մրցումը։

Թուրքիոյ երգիչ Ճան Պոնոմօ

Այս խնդիրին գլխաւոր դրօշակակիրն է Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը, որ յայտարարութեամբ մը ըսած էր, թէ Ատրպէյճանի նախագահը կը շարունակէ պատժել այն ընդդիմադիրները, որոնք խաղաղ ցոյցեր կը կազմակերպեն իշխանութեան դէմ՝ երկիրը աւելիով հեռացնելով ժողովրդավարութենէն. նշեալ կազմակերպութիւնը աւելցուցած էր, թէ «Եուրովիժըն» մրցումը պիտի չկարենայ ծածկել Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումները:
Եւրոպայի խորհրդարանը, Ֆրանսայի, Իրլանտայի եւ Հոլանտայի մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւնները եւս կոչեր հրատարակած են՝ պոյքոթին ի նպաստ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը պատգամ մը կը նկատուի նախագահ Ալիեւի հասցէին։
Յայտնի է, որ պոյքոթը պիտի չբանի, որովհետեւ մրցումը կազմակերպող Եւրոպայի հրատարակիչներու միութիւնը յայտարարեց, թէ «Եուրովիժըն»ը քաղաքական նախաձեռնութիւն մը չէ եւ հեռու կը մնայ պոյքոթի գաղափարէն։

Պոյքոթի կոչ նաեւ թրքական մամուլին կողմէ

Թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ եւս  հրատարակուած էր պոյքոթի կոչ մը, որուն մէջ Թուրքիոյ անունով մասնակցող Ճան Պոնոմոյէն կը խնդրուէր, որ ան եւս Պաքուի մէջ իր ձայնը միացնէ մարդկային իրաւունքներու խախտումի դէմ եկող գործիչներուն, որպէսզի անոնց ձայնը լսուի ամբողջ աշխարհին մէջ։
Այս կերպով, Թուրքիոյ մէջ եւս  սկսան բարձրանալու ձայներ, որոնք քաջութիւնն ունին պախարակելու Ատրպէյճանի վարչակարգը ու հօրմէն զաւակ փոխանցուած իշխանութեան մը կատարած խախտումները։

 

«Մարմարա»

Լուսանկարին մէջ Յունաստանի ներկայացուցիչ Էլէֆթէրիա Էլէֆթէրիու,
որ ելոյթ պիտի ունենայ Երեքշաբթի 22 Մայիսին: