Իրան ապրող ազերիները Թուրքիոյ մէջ հաստատած են «Հարաւային Ատըրպէյճանի Թուրքերու ազգային խորհուրդ»ը, որուն գըլխաւոր նպատակն է՝ Իրանի Ատրպատական նահանգին համար անկախութիւն ապահովել:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, խորհուրդի բանբեր Ճեմալ Մեհմետանօղլու յայտարարած է, թէ կազմակերպութիւնը կը փափաքի «ժողովրդավարական եւ խաղաղ» միջոցներով, այլ ոչ զէնքի ուժով, իրագործել Իրանէն անջատուելու նպատակը: Ան միաժամանակ պնդած է, թէ Իրանէն անջատուելու իրենց ծրագիրը ոչ մէկ կապ ունի Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի ծրագիրներուն հետ: Ան աւելցուցած է, թէ Իրանի մէջ կÿապրին 35 միլիոն՝ ծագումով թուրքեր, եւ այդ իսկ պատճառով, եթէ Միացեալ Նահանգները Իրանի մէջ ծրագիրներ իրագործելու նպատակներ ունի, պէտք է խորհրդակցի ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, այլեւ Իրանի ազերիներուն հետ: Ան կոչ ըրած է նաեւ Թուրքիոյ, որպէսզի այդ երկիրը աւելի գործօն մասնակցութիւն բերէ Իրանի ազերիներու իրաւանց պաշտպանութեան: