Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիա Իսրայէլը ամբաստանած է Կիպրոսի գրաւուած թրքական հատուածի օդային տարածքը խզելու յանցանքով:


Թրքական բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդանաւ մը «Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան» օդային տարածքը հինգ անգամ խզած է, ուստի թրքական կործանիչներ թռիչք առած են իսրայէլեան օդանաւը այդ շրջանէն վտարելու համար:
Որեւէ մանրամասնութիւն չէ տրուած թէ իսրայէլեան օդանաւը ի՛նչ բնոյթի կամ տիպի էր: