Թրքական «Հապեր3» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Շուէտի մէջ խօսած է 11 Մարտ 2010-ին Շուէտի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին:

Սթոքհոլմի մէջ, պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն Շուէտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւին վերաբերող հարցումին, Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է, թէ նմանատիպ բաները խորհրդարաններու գործը չեն: Կիւլ շեշտած է, թէ ինք 20 տարուան քաղաքական գործունէութեան փորձառութիւն ունի եւ գիտէ, թէ այդպիսի որոշումները ինչպէս կ՛որդեգրուին:

«Անոնք սխալ են: Անոնք յարաբերութիւնները կը մթագնեն: Այդ պատճառով անհրաժեշտ է, որ այդ ամէնը պատմաբաններու ձգուի: Մենք Հայաստանին բաց առաջարկ մը ունինք՝ եկէք պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ ստեղծենք: Եթէ երրորդ երկիրներ հետաքրքրուած են ատով, թող մասնակցին եւ գիտնականները որոշում որդեգրեն», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Լրագրողներէն մէկը ուշադրութիւն դարձուցած է այն հանգամանքին վրայ, թէ Կիւլի այցելութիւնը կը համընկնի Շուէտի՝ ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի որդեգրման օրերուն: