2010էն սկսեալ Սումելայի վանքէն ներս պատարագ կը մատուցուի Օգոստոս 15ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Էրտողանի կառավարութեան կողմէ տրուած յատուկ արտօնութեան հիմամբ, որ կը նախատեսէ «կրօնական պաշտամունքի սահմանափակումներու   աստիճանական վերացում»:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշած է «ամբողջովին» վերանորոգման ենթարկել յունական պատմական Սումելա վանքը: Այս նպատակին համար տրամադրած է 220.000 ամերիկեան տոլարի հասնող հիմնադրամ, որ պիտի բաւարարէ աշխատանքներու առաջին փուլը:

Կառավարական աղբիւրներ կը նշեն թէ այս նախաձեռնութեամբ Թուրքիա կը հետապնդէ UNESCO-ի միջազգային մշակութային ժառանգութեան ցանկէն ներս ներառնել տալ Սումելայի վանքը, որ տարի մը առաջ վաւերացուած էր որպէս միջազգային հեղինակաւոր հաստատութեան աջակցութեան արժանի վայր:

Սումելայի վանքի շէնքերու եզակիութիւնը եւ եկեղեցւոյ ներքնամասին մէջ գտնուող սրբանկարները ինքնին տուեալներ են որ UNESCOի պաշտպանութեան տակ ներառնուելու պայմանները կը լրացնեն:

Վանքը իւրայատուկ ճարտարապետական համալիր է, որ կառուցուած է 1300 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող ժայռերու մէջ:

Նշենք, որ վանքի համալիրը վարչականօրէն կը պատկանի Սեւծովու շրջանի Մասքա նահանգին: Բացի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կեդրոնական շէնքէն ներառնուած են նաեւ մատուռներ, ճաշարաններ, ճեմարան, գրադարան, սենեակներ, ուսումնասիրութեանց յատուկ բաժիններ, աւագ հոգեւորականներու համար առանձնատուներ:

Վերականգնման աշխատանքները բաժնուած են երեք հանգրուանի: Առաջինը կը նախատեսէ մանրամասն քարտէսագրում եւ յատակագծի պատրաստութիւն (որովհետեւ սկզբնական յատակագծերը չկան), երկրորդը՝ ընդհանուր վերանորոգում եւ վերջնական՝ լրիւ վերականգնում: Ծրագրի լիարժէք աւարտի համար երկու տարի պէտք է: