Թուրքիոյ ժողովրդավարացման ուղղուած նոր օրինագիծ

Ընտրական օրէնքին, փոքրամասնութիւններուն կողմէ օգտագործուող լեզուներուն (բացի թրքերէնէ) եւ լաչակի գործածութեան վերաբերող դրոյթներ ներառնուած են Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի կողմէ երէկ յայտարարուած՝ երկրի ժողովրդավարացման նոր ծրագրին մէջ:

Հետաքրքրական է որ որոշում առնուած է վերցնել նախակրթարանի աշակերտներու ազգայնամոլ երդումը, որ ի զօրու էր 1933էն ետք:

Այսուհանդերձ, այս ծրագրէն դուրս մնացած է Խալքիի Աստուածաբանական վարժարանի բացման պարագան, հակառակ երկու ամիսէ ի վեր հրապարակուող խոստումներուն:

Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան խօսած է «պատմական պահու» եւ «շատ կարեւոր հանգրուանի Թուրքիոյ համար» խօսքերով, դիտել տալով թէ ազատութիւնները պիտի ընդլայնուին նոր օրէնքներու կիրարմամբ:

Անգարայի մէջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան քննադատած է ընդդիմութիւնը, ըսելով թէ խոչընդոտ կը հանդիսանան լուծումներուն:

Յունաստանի Պոլսեցիներու միութեան յայտարարութիւնը

Յունաստանի մէջ պոլսեցիներու միութիւնը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը տարածած է այս գծով, ուր դիտել կը տրուի թէ յայտարարուած միջոցները չեն ծառայեր փոքրամասնութիւններու դէմ գործուած անարդարութիւններու վերացման: Այս հաստատումը չի վերաբերիր միայն Լոզանի դաշինքով ճշդուած յունական ուղղափառ փոքրամասնութեան իրաւունքներուն, այլ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք անցեալին տուժած են Թուրքիոյ մէջ հակաժողովրդային կեցուածքներու պատճառով: