Թուրքիոյ ժամանակակից լրագրողներու միութեան նախագահ Ահմետ Ապաքայ յայտնած է, որ նոյնիսկ իր հարազատներէն սպառնալիքներ ստացած է, երբ մամուլով ըսած է, թէ իր մայրը ամբողջ կեանքին ընթացքին գաղտնի պահած է հայ ըլլալը, իսկ ինք այդ մասին գիրք գրած է:

Հոկտեմբեր 22ին, Հայաստանի Տաւուշի մարզին Բերդ-Իջեւան ճամբուն Պառավաքարի հատուածին մէջ, հակառակորդը կրակ բացած է ճամբայէն անցնող ինքնաշարժներուն վրայ: Կրակոցէն տուժած են քաղաքացիական, ինչպէս նաեւ զինուորական ինքնաշարժներուն մէջ գտնուող անձեր:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին, Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը դարձեալ ձերբակալեց Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով հետապնդուող ամբաստանեալներէն Էրհան Թունճելը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21ի երեկոյեան, Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Ալի Պապաճան ելոյթ մը ունեցաւ Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպած հաւաքին ընթացքին՝ կրկնելով Թուրքիոյ պետական սուտերը ու փորձելով Թուրքիոյ մասին դրական պատկերացում մը ստեղծել աւելի քան 150 ներկաներուն մօտ:

Թրքական առաջատար օրաթերթերէն մէկը հանդիսացող «Հիւրրիյէթ»ի համացանցային տարբերակի բաժանորդագրութեան բաժինին մէջ, պետութիւններու ցանկին վրայ ներառուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը (ԼՂՀ).