«Մարմարա» կը հաղորդէ թէ 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերու յիշատակութեան առիթով՝ ոստիկանական լայն միջոցներ ձեռք առնուած էին Կալաթասարայի եւ Թաքսիմի շրջանակին մէջ։
Ցուցարարներ հաւաքուած էին փողոցներու մէջ եւ կը պատրաստուէին բողոքի ցոյց կատարել։ Ցուցարարները երեկոյեան ժամը 18։00-ին նախ հաւաքուեցան Կալաթասարայ Լիսէին առջեւ։ Հոն ներկայ էին զանազան ընկերութիւններու եւ հաստատութիւններու անդամներ, «Նոր Զարթօնք» հայկական կազմակերպութիւնը եւ ժողովուրդի զանազան խաւերէ անհատներ։
Խօսք առաւ յունական Ափոեւմաթինի թերթի խըմբագրապետ Միխայիլ Վասիլիատիս։ Ան պատմեց թէ ինք ապրած է 1955-ի 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը։ Պատմեց անմոռանալի դրուագ մը այդ օրերէն։ Պատմեց որ իրենց դռնապահը Ահմէտ կը կոչուէր որ իրենց բնակած շէնքին վրայ թրքական դրօշակ մը պարզեց եւ զիրենք զերծ պահեց յարձակումներէ։ Միեւնոյն անձը ապա փոխեց իր հագուստները եւ լծուեցաւ կոտրել-թափելու արշաւին, այսինքն ազգային գործին։ Յայտնեց որ 6-7 Սեպտեմբերին թալանուեցան 5 հազար գործատեղիներ, խանութներ, 80 կիներ բռնաբարուեցան, 13 հայրենակիցներ մահացան։ Հարիւրաւոր անձերու հոգեբանութիւնը խանգարուեցաւ, միլիոնաւոր ոսկիներու նիւթական վնաս գոյացաւ։ Դէպքերու պատճառով ո՛չ մէկ թալանիչ պատժի ենթարկուեցաւ։ Պետութիւնը ցոյցի համար խորհրդանշական հատուցում վճարեց։
Յոյն լրագրողին այս արտայայտութենէն ետք ցոյցի մասնակցիները ցուցատախտակներ պարզելով անձայն կերպով քալեցին դէպի Թաքսիմ։
Թաքսիմի զբօսայգիին մօտ կրկին խօսք առաւ Միխայիլ Վասիլիատիս, յայտնելով թէ Թուրքիոյ մէջ յոյն բնակչութիւնը որ այդ թուականներուն 90 հազար էր, ներկայիս իջած է 2000-ի։ Յունաց բոլոր վարժարանները փակուած են։ Ափոեւմաթինի թերթը 1920-30-ական թուականներուն կը տպուէր 35-40 հազար տպաքանակով։ Այսօր այդ տպաքանակը իջած է 600-ի։ Յոյն բնակչութեան թիւը չէր նուազած հակառակ որ 1915, 1923, 1942, 1955 թուականներուն փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած էին չարիքներ։ Իսկ 1964-ին 13 հազար յունահպատակ յոյն՝ պարտադրաբար սահմանէն դուրս հանուեցաւ։ Անոնց ապրանքներուն վրայ ձեռք դրուեցաւ եւ այնուհետեւ յոյներու թիւը հալեցաւ։ Միխայիլ Վասիլիատիս մաղթեց որ Թուրքիոյ մէջ այսուհետեւ նմանօրինակ ողբերգութիւններ չապրուին։ Այնուհետեւ ցուցարարները ցրուեցան անխօս։