Թուրքիոյ նախագահ Ապտալա Կիւլ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Իրան եւ Թուրքիա պարտին համագործակցիլ եւ ջանք թափել սուրիական տագնապին լուծման համար:
Ան նշեց, որ սուրիական տագնապը լուծելու առիթներ գոյութիւն ունին՝ աւելցնելով, որ «եթէ դրական կերպով դիտենք, ապա Իրան այս տագնապին լուծման կարգ մը առիթներու գոյութեան կը հաւատայ»:
Կիւլ գոհունակութիւն յայտնեց իրանեան հիւլէական թղթածրարի լուծման նոր հանգրուանի սկիզբին առնչութեամբ նշելով, որ այդ մէկը առիթ պիտի ընծայէ, որ Իրան աւելի համապարփակ կերպով զբաղի սուրիական հարցին լուծումով:
Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման համար Իրանի հետ համագործակցութիւնը կարեւոր է, եւ իր երկրին ու Իրանի արտաքին գործոց նախարարները այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատին:
Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ հարցով Իրանի եւ Թուրքիոյ տեսակէտներու մերձեցումը եւ անոնց միջեւ սերտ համագործակցութիւնը միջազգային ընտանիքին առաջարկ ներկայացնելու կարելիութիւնը պիտի ստեղծէ: