«Ակօս» շաբաթաթերթին դէմ համացանցային յարձակման եւ գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշին սպառնալու հարցով «Ակօս»-ի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլու դիմած է դատախազութեան՝ յիշեալ դէպքերուն շուրջ հետաքննութեան սկսելու համար:

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ ընդհանուր դատախազութեան ներկայացուած դիմումին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի 20 եւ 25 Յունուար 2014-ին «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքին դէմ կատարուած յարձակումին վրայ, որուն պատճառով խափանուած է կայքի գործունէութիւնը:
Դիմումին մէջ կը նշուի նաեւ, որ «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշի դէմ «Թուիթըր»-ի միջոցով սպառնալիքներ եւ հայհոյանքներ ուղարկուած են:
Նշենք, որ «Ակօս»-ի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 7-րդ տարելիցին յաջորդ օրը՝ 20 եւ 25 Յունուարին, թուրք ազգայնականներ կոտրած էին «Ակօս»-ի կայքը, տեղադրած Աթաթուրքի լուսանըկարը եւ ձգած գրութիւն մը. «Երջանիկ է ան, որ կ՛ըսէ թուրք եմ»: Իսկ «Թուիթըր»-ի միջոցով կեղծանուն օգտագործող անձ մը սպառնալիքներ եւ հայհոյանքներ ուղարկած է Ռոպեր Քոփթաշին՝ ըսելով. «Կարգը քեզի պիտի գայ»: