Վանի Բաշքալէ շրջանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութիւնը յայտնած է, որ մտադիր է վերակառուցել Սուրբ Բարդուղիմէոս 1700-ամեայ եկեղեցին, որ քաղաքացիներու համար բացուած է, երբ եկեղեցւոյ մօտէն այլ վայր փոխադրուած է Իրանին սահմամամերձ Ալբայրաք գիւղի մէջ 31 տարի տեղակայուած 3-րդ սահմանային զօրամասը:

Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը։

Բաշքալէի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղը լրագրողներուն ըսած է, որ վերակառուցումէն ետք կը նախատեսուի եկեղեցին բերել նախնական տեսքին: Անոր խօսքով‘ վերակառուցման աշխատանքները, զորս պիտի հովանաւորէ նահանգը, պիտի սկսուին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէն նախագիծի հաստատումէն ետք:
«Վերակառուցումէն ետք կը նախատեսուի եկեղեցւոյ մէջ կատարել հոգեւոր արարողութիւններ, որ կը խթանէ շրջանի զբօսաշրջութեան զարգացման», -ըսած է թուրք պաշտօնեան:
Սուրբ Բարդուղիմէոս եկեղեցին կը գտնուի Բաշքալէէն 23 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող բարձունքին: Կþենթադրուի, որ այնտեղ թաղուած է Յիսուս Քրիստոսի 12 առաքեալներէն Բարդուղիմէոս առաքեալի մարմինը, որուն շնորհիւ ան կը համարուի քրիստոնեաներու կարեւոր ուխտատեղիներէն մէկը:
Եկեղեցւոյ կանգուն հատուածներու վրայ առկայ զարդանախշերը եւ խաչապատկերները, ինչպէս նաեւ ճարտարապետական կառուցուածքը կը վկայեն, որ ան հայկական է: