Սեպտեմբեր 18ին, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Եւրոպական Խորհրդարանը հաստատելով իր նախորդ բանաձեւերը՝ որդեգրեց բանաձեւ մը, դատապարտելով Ատրպէյճանը մարդկային իրաւունքներու պաշտպանողները հալածանքի ենթարկելուն դէմ եւ կոչ ուղղեց թիրախային  պատժամիջոցներու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին դէմ, ինչպէս նաեւ վիզա ստանալու ճնշումներուն անմիջական պատասխանատու անձերու հանդէպ:

Ատրպէյճանը խիստ քննադատութեան ենթարկուեցաւ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու կողմէ, որոնք դիտել տուին Ատրպէյճանի անհեթեթ իրականութիւնը՝ Մարդկային Իրաւունքներու գետնէն ներս, նշելով թէ «վերջին տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ Մարդկային Իրաւունքներու մթնոլորտը վատթարացած է, կառավարութեան կողմէ բանեցուած ճնշումներու լուրջ խստացումով, ճնշումներ եւ վախ կը տիրէ հասարակակա կազմակերպութիւններուն մօտ, քաղաքացիական հասարակութեան ակտիւիստներու, լրագրողներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու դէմ»։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Մարի-Քրիստին Վերժիա (Եւրոպայի Միացած Ձախի- Նորտիք Կանաչներ Համադաշնային Խումբ, Ֆրանսա) ըսաւ թէ Ատրպէյճանի եւ Ալիեւ ռեժիմի անպատժելիութիւնը պէտք է դադրի, թէ ԵՄն պէտք է քարիւղի եւ կազի վրայ չկեդրոնանայ միայն, եւ թէ Ատրպէյճանի հետ Ասոցացման Համաձայնագիրը պէտք չէ յառաջ մղուի: Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ալեքսանտր Կրաֆ Լամպստորֆ (Եւրոպայի համար Ազատականներու եւ Ժողովրդականներու Դաշինքի Խումբ, Գերմանիա) շեշտեց Ատըրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան սարսափելի իրավիճակը՝ բռնատիրական ռեժիմին կողմէ շինծու եւ քաղաքական նպատակներ ունեցող շարունակական եւ դաժան հետապնդումներէն ետք: Եւրոխորհրդարանի անդամներու խօսքերուն ընթացքին, նշուեցաւ թէ մի քանի ամիս առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպայի Խորհուրդի բեմէն իրեն քննադատողներուն անուանած էր ստախօս եւ ժխտած էր ամէն տեսակի քննադատութիւն. մինչ այդ, իսկութեան մէջ, Ատրպէյճանի իրավիճակը վաթտարացած է:
Ամենէն կարեւորը՝ Եւրոպական Խորհրդարանը կը յիշեցնէ իր 24 Մայիս 2012ի դիրքաւորումը եւ կոչ կ'ընէ ԵՄի Խորհուրդին որ քննարկէ թիրախային պատժամիջիցներ որդեգրելու հնարաւորութիւնը մարդկային իրաւունքներու խախտումներու պատասխանատուներուն համար, եթէ անոնք շարունակուին։