Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Յոյներու կեդրոնական աղջըկանց վարժարանի հոգաբարձութիւնը առաջին քայլ մը առած է օսմանեան շրջանին գործած, սակայն հետագայ տարիներուն փակուած իր համալսարանը վերաբանալու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը:

Վարժարանը, որ չորս յարկանի էր, կը գտնուէր Թաքսիմի «Իլք Եարտըմ» հիւանդանոցին ետեւ, Մաչ փողոցին մէջ: Մէկ տարի առաջ այս պատմական շէնքը վերադարձուեցաւ յոյն համայնքին, որ իր կարգին վերադարձուած այս շէնքը իբրեւ համալսարան օգտագործելու համար դիմում ներկայացուց Կալուածոց ընդհանուր տնօրէնութեան:
Համալսարանին մէջ միայն փոքրամասնութիւններու զաւակները պիտի չուսանին: Աշխարհի չորս ծագերէն տարբեր ազգերու զաւակները պիտի կարենան օգտուիլ այս համալսարանէն: Յունապատկան այս շէնքին վերանորոգութեան համար 4-8 միլիոն թրքական լիրայի կարիք կայ: Կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերը մեզի յոյս կը ներշնչեն», ըսած է փրոֆ. Գալֆօղլու: Նորահաստատ այս համալսարանին մէջ պիտի բացուին բժշկութեան, գիտութեան-գրականութեան, իրաւագիտութեան եւ ճարտարապետութեան ճիւղեր, երեք լեզուներով՝ անգլերէն, թրքերէն եւ յունարէն: