Աւելի քան 200.000 քիւրտ փախստականներ
արդէն ապաստան խնդրած են թրքական սահմաններէն ներս

Քրտական ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առին ճիհատականներու երկու կարեւոր դիրքեր, թրքական սահմանին վրայ գտնուող սուրիական Քոպանի քաղաքին մէջ: Այսուհանդերձ ծայրայեղական կազմակերպութիւնը յաջողած է պահպանել իր հսկողութիւնը գրեթէ կէս քաղաքին վրայ:

Նոյն պահուն կատաղի մարտեր ընթացքի մէջ են քիւրտերու եւ ճիհատականներուն միջեւ, թրքական սահմանին մօտ գտնուող Մուրցիփինարի մէջ, սպառնալով լրիւ դադրեցնել Քոպանիի եւ Թուրքիոյ միջեւ անցակէտի օգտագործումը: ԱՖՓ ֆրանսական լրատու գործակալութեան թղթակիցին համաձայն, ռումբերու տարափը շարունակական է Քոպանիի շրջակայքին, տարածք՝ ուրկէ ամէն օր կ'ացնին քիւրտ քաղաքացիներ, կամ մարդիկ որոնք կը փորձեն փախուստ տալ քաղաքէն, վիրաւորները թրքական Սուրուց քաղաքի հիւանդանոց փոխադրելով:
Թուրքիա ռազմական ուժ համախմբած է Քոպանիի սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին, այսուհանդերձ առայժմ կը մերժէ ռազմական միջամտութիւն կատարել, պնդելով որ նման նախաձեռնութիւն կրնայ նպաստել Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ Ասատին:
Քիւրտերուն հետ բախումները Թուրքիոյ մէջ տարածուեցան երկրի գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ: Բանակ եւ ոստիկանական ուժեր կը փորձեն վերահսկել կացութեան, այսուհանդերձ կը շարունակուին ցոյցերն ու զին-ւած հակամարտութիւնները: Եւրոպայի տա-րածքին նաեւ ժողովրդային զօրակցական շարժումներ տեղի կÿունենան:
Սպաննուած մարդոց թիւը հետզհետէ կÿաճի: Պաշտօնական տուեալները 41 հոգիի սպանութեան մասին կը խօսին եւ հարիւրաւոր վիրաւորներու: Թրքական մամուլէն քաղուած տեղեկութիւններ կը խօսին 1000է աւելի վիրաւորներու մասին, որոնց մեծ թիւը քիւրտերուն կը վերաբերի: Աւելի քան 4000 հոգի ձերբա- կալուած է ոստիկանական ուժերուն կողմէ:
Քիւրտ մարտիկները բուռն կերպով կը պայքարին, սակայն ըստ երեւոյթին թրքական բանակի սահմանապահ ուժերը արգելք կը հանդիսանան, որ պաշարուած Քոպանին պաշտպանող քիւրտ մարտիկներուն օգնութիւն տրամադրուի թրքական սահմանէն։
Այս պայթուցիկ մթնոլորտը, արդէն իսկ խոր վիշտ եւ ցասում յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ բնակող քիւրտերու, որոնք զանազան քաղաք-ներու մէջ կը կատարեն ցոյցեր:
Այսպէս արիւնալի բախումներ կայացած են քիւրտ ցուցարարներու եւ թրքական ոստիկանութեան միջեւ, յատկապէս Պոլսոյ, Անգարայի, Մուշի, Տիարպեքիրի, Ատանայի, Արդուինի, Սասունի, Վանի, Էրզրումի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Կարգ մը նահանգներէ ներս շրջագայութիւնը արգիլող որոշում առնուած է:
Յիշեցնենք, թէ Վանի մէջ, ցուցարարները հրկիզած էին Քեմալ Աթաթուրքի արձանը, անկարգու- թիւններու պահուն:
Բախումներ տեղի ունեցած են ոչ թէ միայն ցուցարարներու ու ոստիկաններու միջեւ, այլ նաեւ քիւրտերու եւ թուրք ազգայնամոլ խումբերու միջեւ: Էրզրումի մէջ խումբ մը ազգայնամոլներ՝ զինուած դանակներով, յարձակած են ցուցարարներու վրայ եւ վնասներ հասցուցած են:
Ըստ պաշտօնական աղրիւրներու, այս բողոքի ցոյցերու ընթացքին արդէն իսկ տասնեակ մը ցուցարարներ մահացած են: Լարուած վիճակը կը շարունակէ առկայ ըլլալ: