CNN-Թիւրք պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Ապրիլ 2015-ին պատմաբաններու ժողով պիտի կազմակերպէ:
Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մուսթաֆա Պալպայ կը նշէ, որ աշխարհի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող 40 հազար գիրք կայ, իսկ թրքական պնդումները ներկայացնող՝ 60 գիրք:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ 5 ամսուան ընթացքին կազմակերպելու 3 կարեւոր խորհրդաժողովներ, որոնց, ըստ պնդումներու, պիտի մասնակցին աշխարհի ամէնէն յայտնի պատմաբանները:
«Մենք՝ իբրեւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն, չենք նշեր, թէ ո՛ր մէկն է մեր տեսակէտը, եւ հայերուն կոչ կ՛ուղղենք. կանչենք պատմաբանները, թող իրենք քննարկեն այս հարցը: եկէք դուք ալ տեսէք ատիկա: Դուք ալ ձեր մեկնաբանութիւնները աւելցուցէք: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ թող գայ», ըսած է ան:
Պալպայ նշած է, որ իրենք պիտի ունենան «Կը պատմեն թոռները» խորագիրով բաժին մը, ուր տեղ պիտի գտնեն Չըրչիլի, Քազիմ Քարապեքիրի, Էնվեր փաշայի թոռներուն ըսածները:
Չաւուշօղլու. «Ամէն ինչ պիտի ընենք 2015-ին Քոնկրեսին կողմէ հայանպաստ բանաձեւին որդեգրումը կանխարգիլելու համար»
Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 2015-ի պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձած է յաջորդ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Թուրքիոյ ձեռնարկելիք քայլերուն:
Ան յայտարարած է, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որեւէ բանաձեւ չորդեգրէ:
Չաւուշօղլու նշած է, որ թրքական լոպիները աշխուժօրէն այդ ուղղութեամբ կÿաշխատին եւ կը համագործակցին նաեւ այլ նախարարութիւններու հետ: