Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհանես Հան Անգարայի մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը պիտի արագացուի:
Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Հան մասնաւորաբար ըսած է, որ նոր Եւրոպական յանձնաժողովը եւ անոր անդամները կարելի ամէն բան պիտի ընեն այդ մուտքը արագացնելու համար: Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պաշտօնական բանակցութիւնները սկսած էին 2005-ին:
Մինչեւ հիմա կողմերը սահմանած են 35 կէտեր, զորս Թուրքիան պէտք է բաւարարէ Եւրոպական ՄԻութիւն մուտք գործելու համար: Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը Թուրքիա կ՛այցելէր Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութիւն մուտքի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու հարցերը քննարկելու համար՝ Ռուսիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու ջերմացման լոյսին տակ: