Երէկ Կարսի մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում՝ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ:
Տարածաշրջանային համագործակցութեան նպատակաուղղուած այս հանդիպումին՝ կողմերը հիմնականօրէն քննարկեցին համատեղ իրագործուող ծրագիրները, որոնց կարգին էր Հայաստանը շրջանցող Պաքու - Թիֆլիս - Ախալքալաք - Կարս երկաթուղիի շինարարութիւնը: 

Ի դէպ, նախապէս, Գեանջայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ նախարարները պնդած էին արագացնել երկաթուղիի շինարարութեան ծրագիրը, այսուհանդերձ, Գեանջայի հաւաքէն անցած է 10 ամիս եւ Հայաստանը շրջանցող փոխադրական այս ուղին դեռ չէ սկսած գործել:
Նշենք, թէ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու եռակողմ հանդիպումները սկիզբ առին 2012-ին, Տրապիզոնի մէջ: Հետագային այս ձեւաչափը ընդլայնուեցաւ: Այս տարուայ Յունիսին Թիֆլիսի մէջ կայացաւ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ գագաթնաժողովը: Անկէ երկու ամիս ետք ալ՝ Օգոստոս 18-ին Նախիջեւանի մէջ հանդիպած էին երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները: