Ֆրանսահայ երգիչ Փաթրիկ Ֆիորին 1993թ. առաջինն էր, որ Եւրոտեսիլին ելոյթ ունեցաւ՝ քորսիքերէն երգելով: 20 տարի յետոյ ան կրկին հնարաւորութիւն ունի ցոյց տալու, թէ հպարտ է իր ծագմամբ (հայրը հայ է, մայրը՝ քորսիքացի):

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի նորանշանակ խորհրդական Էթիէն Մահչուփեան հարցազրոյց մը տուած է Al-Jazeera-ի թրքական ծառայութեան: Մահչուփեան խօսած է իր նշանակման, Տաւութօղլուի հետ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր հայկական ծագման,

Ճէօֆրի Ռոպըրթսընի ABC պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցը

«Փարթենոնի գլուխգործոց գանձերը
պէտք է Յունաստանին վերադարձուին,

որովհետեւ պարզապէս՝
անոնք գողցուած են այս երկրէն»

******
«Փոխ հատուցման համար, 
Թուրքիա պէտք է Արարատը զիջի Հայաստանի Հանրապետութեան»

­Հար­ցազ­րոյց պատմական գիտութիւններու տոքթոր,
Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս,
համալսարանի Մշակութաբանութեան բաժնի ղեկավար
Համլէթ Պետրոսեանին հետ

2006 թուականի ամրան Հայաստանի լրատուական միջոցները ամբողջ աշխարհին յայտարարեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Մարտակերտի շրջանի հարաւ-արեւելեան հատուածին վրայ յայտնաբերուած է Տիգրան Մեծ արքայի կառուցած քաղաքներէն մէկը։

Ծնած եմ 1935 թուականին Պոլսոյ մէջ։ Հօր կողմէ աքսոր չտեսած ընտանիքէ մը, մօր կողմէ՝ աքսոր տեսած ։ Իմ հօրս հայրը ծնած է Սեբաստիոյ Զարա շրջանը եւ երիտասարդ տարիքէն Պոլիս եկած է աշխատելու։ Հօրս մայրը բուն պոլսահայ ընտանիքէ էր։  Իսկ մօրս հայրը զինուորական բժիշկ էր. ուր որ իրեն կը ղրկէր Օսմանեան բանակը ստիպուած էր երթալու։