­Հար­ցազ­րոյց պատմական գիտութիւններու տոքթոր,
Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս,
համալսարանի Մշակութաբանութեան բաժնի ղեկավար
Համլէթ Պետրոսեանին հետ

2006 թուականի ամրան Հայաստանի լրատուական միջոցները ամբողջ աշխարհին յայտարարեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Մարտակերտի շրջանի հարաւ-արեւելեան հատուածին վրայ յայտնաբերուած է Տիգրան Մեծ արքայի կառուցած քաղաքներէն մէկը։

Քաղաքը յայտնաբերուած է 2005 թուականին, սակայն անոր մասին յայտարարուած է միայն տարի մը վերջ։ Հայ հնագէտներու յայտնաբերածը իր նշանակութեամբ պատմական մեծ արժէք ներկայացնող հին հելլէնական քաղաք մըն է՝ Տիգրանակերտ անուանումով։ Տիգրանակերտի մասին շատ խօսուած է պատմական բազմաթիւ աղբիւրներու մէջ. մասնաւորապէս, որ ան կառուցած է Տիգրան Մեծ հայոց արքան՝ նախքան Քրիստոս Ա. դարուն, ան գոյութիւն ունեցած է մինչեւ 14-րդ դարը եւ մօտաւորապէս կը գտնուի Արցախի տարածքին հոսող Խաչեն գետի -Խաչենագետի- մօտակայքը։ Եւ ահաւասիկ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի արշաւախումբին բախտ վիճակած էր Տիգրանակերտի տեղը ճշգրտօրէն գտնելու բախտը։ Գիտնականներու Արցախի արշաւախումբը պեղումներու աշխատանքներուն սկսած է 2006 թուականին եւ առ այսօր՝ ութ տարիներու ընթացքին արդէն պեղուած է հսկայ քաղաքի տարածքի 3 առ հարիւրը։ Պեղումներէն յայտնաբերուած շատ իրեր եւ անոնց վերաբերող պատմական ու գիտական տեղեկութիւնները աշխարհին ներկայացնելու համար 2010 թուականին Արցախի մէջ բացուեցաւ եւ կը գործէ Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանը, որ տարեկան 30-35 հազար այցելու կ’ունենայ։ Ըստ տուեալներու, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ այս այցելութիւններուն թիւը ամէնէն շատն է։ Հակառակ անոր, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ամէն գնով կը խոչընդոտեն Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացումը մասնաւորապէս մուտքի արտօնութիւն չտրամադրելով այն երկիրներու քաղաքացիներուն, որոնք վերջին շրջանին մուտք գործած են Արցախ, թանգարանի այցելուներուն թիւը կը մնայ անփոփոխ։ Օրերս արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեան եւ արշաւախումբը աւարտելով այս տարուան աշխատանքները՝ Տիգրանակերտի մէջ, Արցախէն վերադարձան Երեւան։ «Ժամանակ» հանդիպում եւ հարցազրոյց ունեցաւ պատմական գիտութիւններու տոքթոր, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս, համալսարանի Մշակութաբանութեան բաժնի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանին հետ։

Պա­րոն Պետ­րո­սեան, շա­տե­րուն կը հե­տաքրք­րէ, թէ ինչ­պէ՞ս կռա­հած էք Տիգ­րա­նա­կեր­տին տե­ղը՝ գտնե­լով քա­ղա­քի ճիշդ հետ­քը։

Մեր պատ­մու­թիւ­նը ե­րեք յօ­րի­նո­վի չէ, եւ պէտք է ու­շա­դիր կար­դալ հայ պատ­միչ­նե­րուն գոր­ծե­րը։ Աշ­խա­տան­քի սկսե­լէ ա­ռաջ մենք ու­նէինք պատ­միչ­նե­րուն աղ­բիւր­նե­րը, մենք ու­նէինք ճա­ն­պար­հորդ­նե­րուն նկա­րագ­րու­թիւն­նե­րը եւ, ի վեր­ջոյ յստակ էր, որ 19-րդ դա­րա­վեր­ջին մեր­ձա­կայ­քը բնա­կող հա­յե­րը այդ տա­րած­քին Տկ­րա­կերտ ը­սած են։ Ար­ցա­խի Շահ­բու­լաղ կո­չո­ւող նշա­նա­ւոր աղ­բիւր­նե­րէն վեր կայ սա­րա­լանջ մը, որ կը տա­նի Վան­քա­սար, սա­րին վրան ալ կայ ե­կե­ղե­ցի մը, որ կա­ռու­ցո­ւած է 7-րդ դա­րուն։
Վան­քա­սար տա­նող հա­տո­ւա­ծի վրայ ժայ­ռե­րը փո­րո­ւած են։ Շատ յա­ճախ ոչ-մաս­նա­գէտ մար­դը կա­րող է մտա­ծել, որ ա­նոնք ո­րե­ւէ ճա­նա­պարհ են, բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­նոնք պա­րիս­պի ժայ­ռա­փոր հիմ­քերն են։ Ա­ւե­լի վե­րեւ բարձ­րա­նա­լով՝ մենք նկա­տած էինք եր­կու փոքր քար, ո­րոնք կար­ծես գիծ մը կազ­մէին։ Ո­րո­շած ենք նոյն այդ տեղն ալ պե­ղում­ներ կա­տա­րել։ Ա­նի­կա, փաս­տօ­րէն, քա­ղա­քի դա­րա­ւանդ­նե­րէն մէկն էր։ Հ­նա­գոյն շի­նա­րա­րա­կան մի­ջոց­նե­րը են­թադ­րել կու­տան, որ պա­տե­րուն ամ­րու­թիւ­նը կ­'ա­պա­հո­վեն նոյն այդ քա­րե­րը։ Որ­քան որ մեծ-մեծ, հարթ, յղկո­ւած քա­րե­րը ի­րա­րու վրայ դնենք, այն­քան պա­տը ա­մուր կ­'ըլ­լայ։ Պե­ղում­նե­րու սկսե­լէ քա­նի մը օր վերջ ան­մի­ջա­պէս յայտ­նա­բե­րած ենք քա­ղա­քի մէկ հա­տո­ւա­ծը եւս։ Քա­րե­րու վրայ կը նկա­տո­ւէին ծի­ծեռ­նա­կա­պոչ կա­պեր, ինչ որ հնա­գոյն քա­ղա­քա­շի­նու­թեան բարձ­րա­կէտն է։
Հ­նա­գի­տա­կան այս յայտ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը այն բա­ցա­ռիկ դէպ­քե­րէն է, որ պե­ղում­նե­րը բա­ռա­ցի կը հա­ւաս­տեն պատ­միչ­նե­րուն հա­ղոր­դա­ծը։
Երբ մենք կը սկսէինք պե­ղում­նե­րու Տիգ­րա­նա­կեր­տի տա­րած­քին, ոչ ոք կը գու­շա­կէր, որ կը գտնենք ար­ժէ­քա­ւոր յու­շար­ձան, շա­տեր նոյ­նիսկ թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ խօ­սե­ցան այդ մա­սին։ Պե­ղում­նե­րու ա­ռա­ջին օ­րե­րուն մենք յայտ­նա­բե­րած ենք միայն խե­ցե­ղէն, ո­րու հնու­թիւ­նը թէեւ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէր տիգ­րան Մե­ծի ժա­մա­նակ­նե­րուն, բայց բա­ւա­րար ա­պա­ցոյց չէր կրնար ըլ­լար, որ ճիշդ այդ­տեղ է հա­յոց Մեծ Ար­քա­յի քա­ղա­քը։ Միայն հե­տա­գայ պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին ար­դէն լիո­վին պարզ դար­ձաւ, որ գտնո­ւած է Տիգ­րա­նա­կեր­տը։ Ան­շուշտ, մեր պե­ղում­նե­րու ա­մե­նէն կա­րե­ւոր գտա­ծո­նե­րէն մէ­կը 2008 թո­ւա­կա­նի 15 Յու­լի­սին յայտ­նա­բե­րո­ւած հա­յե­րէն ար­ձա­նագ­րու­թիւնն է։

Իսկ մին­չեւ հի­մա ի՞նչ այլ նշա­նա­կա­լի ար­դիւնք­ներ ու­նե­ցած են ձեր ղե­կա­վա­րած ար­շա­ւա­խում­բի պե­ղում­նե­րը։

Մեր ար­շա­ւա­խում­բը 2005ին ճշգրտած է Ար­ցա­խի Տիգ­րա­նա­կեր­տի ստոյգ վայ­րը, իսկ 2006-2008 թո­ւա­կան­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած պե­ղում­նե­րու ար­դիւն­քին բա­ցո­ւած են քա­ղա­քի Միջ­նա­բեր­դի պա­րիսպ­նե­րուն մէկ հա­տո­ւա­ծը, Ամ­րա­ցո­ւած թա­ղա­մա­սի պա­րիսպ­նե­րու ժայ­ռաօ­փոր հիմ­քե­րը, նոյն թա­ղա­մա­սի դա­րա­ւանդ­նե­րէն մէ­կուն յե­նա­պա­տը, Կեդ­րո­նա­կան թա­ղա­մա­սի պա­զի­լիք ե­կե­ղեց­ւոյ մէկ հա­տո­ւա­ծը։
Հե­տա­խու­զա­կան պե­ղում­ներ կա­տա­րո­ւած են նաեւ Ամ­րա­ցո­ւած թա­ղա­մա­սի եւ Կեդ­րո­նա­կան թա­ղա­մա­սի քա­նի մը հա­տո­ւած­նե­րուն, վաղ ք­րիս­տո­նէա­կան դամ­բա­րա­նա­դաշ­տին մէջ։ Հե­տա­զօ­տո­ւած են նաեւ քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ­քը գտնո­ւող պաշ­տա­մուն­քա­յին-քա­րայ­րա­յին հա­մա­լի­րը, ա­նոր ստո­րո­տով անց­նող ժայ­ռա­փոր ջրանց­քը, Խա­չե­նա­գե­տի ձախ ա­փին գտնո­ւող վաղ միջ­նա­դա­րեան ամ­րո­ցը։

2014 թո­ւա­կա­նի պե­ղում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը ամ­փո­փե­լով՝ յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ, որ այս ամ­րան յայտ­նա­բե­րո­ւած է վաղ քրիս­տո­նէա­կան դամ­բա­րան մը։

Ա­յո, այս տա­րո­ւան մեր պե­ղում­նե­րուն սկսանք 25 Յու­նի­սին եւ կա­տա­րե­ցինք աշ­խա­տանք­ներ ե­րեք հիմ­նա­կան տե­ղա­մա­սե­րու վրայ։ Այս տա­րո­ւան ա­մե­նէն կա­րե­ւոր գիւ­տը նո­րա­բաց երկ­րորդ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րե­ւե­լեան խո­րա­նին տակ յայտ­նա­բե­րո­ւած վաղ քրիս­տո­նէա­կան դամ­բա­րանն է, որ ու­նի ա­րեւ­մուտք-ա­րե­ւելք ուղ­ղո­ւա­ծու­թիւն, գրե­թէ քա­ռա­կու­սի դամ­բա­նասրահ, թա­ղա­կապ ծածկ, հիւ­սի­սա­յին եւ հա­րա­ւա­յին պա­տե­րուն մէջ ներ­կա­ռու­ցո­ւած են մա­սունք­նե­րը տե­ղադ­րե­լու յա­տուկ եր­կայ­նա­կան խոր­շեր։ Ողջ կա­ռոյ­ցը ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է սրբա­տաշ մեծ հատ­ւած­նե­րով՝ ա­մուր կրա­շա­ղա­խի օգ­նու­թեամբ։ Կա­րե­լի է փաս­տել, որ ան Աղց­քի ար­քա­յա­կան դամ­բա­րա­նէն եւ Ա­մա­րա­սի Գ­րի­գո­րի­սի դամ­բա­րա­նէն ետք նման լաւ պահ­պա­նո­ւած եր­րորդ կա­ռոյցն է հայ վաղ քրիս­տո­նէա­կան մշա­կոյ­թին մէջ։ Յոյ­սով ենք, որ պե­ղում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը հնա­րա­ւոր կը դարձ­նեն վա­ւե­րաց­նել այս տի­պի կա­ռոյ­ցի մէկ նոր յօ­րի­նո­ւածք, ինչ­պէս նեաւ փաս­տագ­րել եւ պատ­մա­կան ի­րա­կան հիմ­քե­րու վրայ դնել 5-րդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սի Հա­յաղ­վան­քի ար­քայ Վա­չա­գան Բա­րե­պաշ­տի կրօ­նա­կան բա­րե­փոխ­ման ի­րա­կան ըն­թացքն ու ման­րա­մաս­նե­րը։ Այս մեր վեր­ջին յայտ­նա­բե­րու­մը բա­ցա­ռիկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի Ար­ցա­խի եւ Ու­տի­քի մէջ հայ վաղ քրիս­տո­նէա­կան մշա­կոյ­թի կեր­պա­րի հա­ւաստ­ման ու բնու­թագր­ման գոր­ծին մէջ։

­Պա­րոն Պետ­րո­սեան, իսկ բա­ւա­րար կը նկա­տէ՞ք այն մի­ջոց­նե­րը, որ կը տրա­մա- դ­րո­ւին նման հսկա­յա­կան կա­ռոյց պե­ղե­լու հա­մար։

Տիգ­րա­նա­կեր­տի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նած եւ սկզբնա­կան շրջա­նին նիւ­թա­պէս ա­ջակ­ցած է «Երկ­րի» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու միու­թիւ­նը։ 2007 թո­ւա­կա­նի պե­ղում­նե­րը մա­սամբ, իսկ այ­նու­հե­տեւ ամ­բողջ պե­ղում­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ իր նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան տակ ա­ռած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, եւ այ­սօր ալ ան մեր միակ ա­ջա­կի­ցը, հո­վա­նա­ւոր եւ քա­ջա­լե­րողն է։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան ան­ձամբ ո­գե­ւո­րո­ւած է Ար­ցա­խի, հա­յու­թեան եւ առ­հա­սա­րակ հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մա­կան շրջ­նակ­նե­րու հա­նար բա­ցա­ռիկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող այս կա­ռոյ­ցի աշ­խա­տանք­նե­րով։
Ան­շուշտ, ա­ւե­լի մեծ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան պա­րա­գա­յին հնա­րա­ւոր կ­'ըլ­լայ ո՛չ միայն Տիգ­րա­նա­կեր­տը պե­ղել, այ­լեւ Խա­չեն գե­տի հով­տի վրայ պե­ղել եւ ու­նե­նալ վաղ քրիս­տո­նէա­կան մշա­կոյ­թի նոր յայտ­նա­գոր­ծում­ներ, ո­րու մա­սին վկա­յու­թիւն­ներ կան պատ­մա­կան աղ­բիւր­նե­րու մէջ։

Իսկ այլ կա­ռոյց­նե­րէ կա՞յ ա­ջակ­ցե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն, չէ՞ որ այս մէ­կը հա­մա­հայ­կա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող յու­շար­ձան մըն է։

Ան­կեղծ որ ը­սեմ՝ ոչ։ Նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նի գի­տա­կան եւ կա­ռա­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ այն­քան ալ կար­ծես չեն սի­րեր խօ­սիլ մեր պե­ղում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն, առ­հա­սա­րակ՝ Տիգ­րա­նա­կեր­տի մա­սին։ Ես ա­ջակ­ցու­թեան նա­մակ­նե­րով դի­մած եմ քա­նի մը կա­րե­ւոր մար­մին­նե­րու, սա­կայն մեր­ժում ստա­ցած եմ՝ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու ան­բա­ւա­րա­րու­թեան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։ Մեր պե­ղում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րով հիա­ցած են օ­տար մաս­նա­գէտ­ներ եւ յա­ռա­ջա­տար գի­տա­կան հիմ­նարկ­ներ, մե­զի հետ խե­լա­ցի եւ այլ ազ­գե­րու մաս­նա­գէտ­ներ կ­'աշ­խա­տին, սա­կայն ես չկրցայ հասկ­նալ հա­յաս­տա­նեան ո­րոշ կա­րե­ւոր նկա­տո­ւող շրջա­նակ­նե­րու ան­տար­բե­րու­թիւ­նը մեր աշ­խա­տան­քին հան­դէպ։ Ա­ւե­լի՛ն, ո­մանք փորձ կ­'ը­նեն կան­խա­կալ կար­ծիք­նե­րով, սի­րո­ղա­կան մօ­տե­ցում ցու­ցա­բե­րե­լով՝ ար­ժեզր­կել մեր այս գի­տա­կան աշ­խա­տան­քը, բայց փաս­տե­րը այն­քան ճշգրիտ ու այն­քան խօ­սուն են, որ ոե­ւէ մէ­կը պի­տի չյա­ջո­ղի ստո­ւեր ա­ծել Տիգ­րա­նա­կեր­տի վրայ։ Ես միշտ կ­'ը­սեմ, թէ Տիգ­րա­նա­կեր­տը ո­րե­ւէ կա­ռա­վա­րու­թեան, ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ու­ժի յայտ­նա­բե­րում չէ, ան քա­նի մը ան­հատ­նե­րու բա­ցա­ռիկ գի­տա­կան ու նո­ւի­րա­կան սրբա­զան աշ­խա­տան­քի ար­դիւնքն է։ Եւ այդ խումբն ալ իր ու­սե­րուն վրայ իբ­րեւ պար­տա­կա­նու­թիւն վեր­ցու­ցած է Տիգ­րա­նա­կեր­տը հան­րահռ­չա­կե­լու­ գոր­ծը։
Մենք այ­լեւս ոչ մէ­կուն կը սպա­սենք, եւ ար­շա­ւա­խում­բը բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէս­ներ կազ­մա­կեր­պած է Հա­յա­տա­նի, Ար­ցա­խի, նաեւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ, ստեղ­ծած է tigranakert.am կայ­քը, ո­րու մէջ կը տե­ղադ­րո­ւին բո­լոր գտա­ծո­նե­րուն լու­սան­կար­նե­րը, Տիգ­րա­նա­կեր­տին վե­րա­բե­րող հրա­պա­րա­կում­նե­րը, հա­ղոր­դում­նե­րը։ Այ­սօր ամ­բողջ Կով­կա­սի տա­րած­քին չկայ հնա­գի­տա­կա­նօ­րէն պե­ղո­ւող նման մեծ յու­շար­ձան, Տիգ­րա­նա­կեր­տը միակն է։ Այս մէ­կը ցոյց կու­տայ Տիգ­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեան մե­ծու­թիւ­նը, այդ ժա­մա­նա­կի կա­ռու­ցո­ղա­կան միտ­քի յա­ռա­ջըն­թա­ցը։

Պա­րոն Պետ­րո­սեան, ով­քե՞ր ե­ղած են տիգ­րա­նա­կերտ­ցի­նե­րը, եւ ինչ­պի­սի՞ քա­ղաք մը ե­ղած է ան։

Առ­հա­սա­րակ, քա­ղաք­նե­րը իշ­խող թա­գա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­նուն­նե­րով ա­նո­ւա­նե­լը ըն­դու­նո­ւած էր հել­լէ­նա­կան աշ­խար­հին մէջ, եւ այդ մէ­կը տա­րա­ծում ու­նէր մա­նա­ւանդ Ա­ղեք­սանդր Մա­կե­դո­նա­ցիի ար­շա­ւանք­նե­րու շրջա­նին։ Հա­յաս­տա­նի մէջ նոյն­պէս կա­յին թա­գա­ւոր­նե­րու ա­նուն­նե­րը կրող քա­ղաք­ներ, բայց այդ ա­ւան­դոյ­թը նկա­տե­լի էր մա­նա­ւանդ Տիգ­րան Մե­ծի թա­գա­ւո­րու­թեան ժա­մա­նակ։ Աղձ­նի­քի մէջ հիմ­նադ­րո­ւած Տիգ­րա­նա­կերտ մայ­րա­քա­ղա­քէն զատ, պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին ծա­նօթ են Տիգ­րան Մե­ծի ա­նու­նը կրող կարգ մը բնա­կա­վայ­րեր, ո­րոնց­մէ մէկն ալ Ար­ցա­խի Տիգ­րա­նա­կերտն է։
Պե­ղում­նե­րու մի­ջո­ցով գետ­նին տա­կէն հա­նո­ւած կա­ռոյց­նե­րը եւ նիւ­թե­րը կը վկա­յեն, որ Տիգ­րա­նա­կեր­տը ե­ղած է քա­ղա­քա­շի­նա­կան յա­ռա­ջա­դէմ յա­տա­կագ­ծու­մով եւ շի­նա­րա­րա­կան նիւ­թե­րով ու մի­ջոց­նե­րով ստեղ­ծո­ւած ըն­դար­ձակ բնա­կա­վայր մը, որ յա­րա­տե­ւած է մին­չեւ 14-րդ դա­րը։ Ան ամ­բող­ջո­վին կա­ռու­ցո­ւած ե­ղած է տե­ղա­կան ճեր­մակ կրա­քա­րէ, փռո­ւած է լե­րան լանջն ի վեր ստո­րո­տի հար­թա­վայ­րին մէջ, ու­նե­ցած է հզօր պա­րիսպ­ներ, ժայ­ռա­փոր ջրանցք­ներ։ Տիգ­րա­նա­կեր­տը այ­գի­նե­րու մէջ թա­ղո­ւած ճեր­մակ գե­ղե­ցիկ քա­ղաք մը ե­ղած է, եւ ա­նոր դիր­քը կը վկա­յէ, որ Տիգ­րան Մե­ծը զայն կա­ռու­ցել տո­ւած է պաշտ­պա­նա­կան նպա­տակ­նե­րով, իսկ վայ­րը ընտ­րած է ա­ռատ աղ­բիւր­նե­րու ա­մե­նէն ա­ռատ ա­կունք­նե­րը։ Իսկ են­թադ­րել, թէ Տիգ­րա­նա­կեր­տի բնա­կիչ­նե­րը միայն հա­յեր ե­ղած են, սխալ կ­'ըլ­լայ. ժա­մա­նա­կին բազ­մա­թիւ ազ­գե­րէ կազ­մո­ւած քա­ղաք ե­ղած է Տիգ­րա­նա­կեր­տը՝ հել­լէ­նա­կան մշա­կոյ­թի նկա­տել հետ­քե­րով։ Քա­ղա­քը զար­գա­ցած կեն­ցաղ ու­նե­ցած է, ա­ռեւտ­րա­յին, ինչ­պէս նաեւ՝ մշա­կու­թա­յին հա­րուստ կեանք։ Ա­նոր վկա­յու­թիւ­նը մեր գտած ի­րերն են՝ պնակ­ներ, կեն­ցա­ղա­յին ի­րեր, գու­նա­ւոր ա­պա­կի­ներ, սպասք, թեւ­նոց­ներ, ինչ­պէս նաեւ 600 լիթր տա­րո­ղու­թեամբ գի­նիի հսկա­յա­կան կա­րա­սը՝ օ­ձա­պատ­կե­րով։

Յայտ­նա­բե­րո­ւած ի­րերն ու նմոյշ­նե­րը կը ցու­ցադ­րո­ւին Տիգ­րա­նա­կեր­տի հնա­գի­տա­կան թան­գա­րա­նին մէջ։ Կը խնդրեմ պատ­մե­ցէք նաեւ թան­գա­րա­նին մա­սին։

Թան­գա­րա­նը բա­ցո­ւե­ցաւ, որ­պէս­զի ան ալ իր կար­գին նպաս­տէ Տիգ­րա­նա­կեր­տի հան­րահռ­չակ­ման, ե­զա­կի այս պատ­մա­կան յու­շար­ձա­նի համ­բա­ւի տա­րած­ման։ Թան­գա­րա­նը կը գոր­ծէ յու­շար­ձա­նի տա­րած­քին գտնո­ւող 18-րդ դա­րու ամ­րո­ցի մը մէջ։ Ու­նի ե­րեք սրահ, ուր կը ցու­ցադ­րո­ւին նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան ու վաղ քրիս­տո­նէա­կան շրջա­նին վե­րա­բե­րող գտա­ծո­նե­րը, ա­նոնց մէջ է 5-րդ­ եւ 6-րդ դա­րե­րուն վե­րագ­րո­ւող 8 սմ. տրա­մա­գի­ծով կա­ւէ սկա­ւա­ռա­կը, ո­րու մէկ ե­րե­սին՝ շրջա­նա­կի մէջ, փո­րագ­րո­ւած է հա­ւա­սա­րա­թեւ խաչ, իսկ միւսն՝ տղա­մար­դու դի­մա­պատ­կեր՝ հա­յե­րէն ար­ձա­նագ­րու­թեամբ։ Ին­չո՞ւ բազ­մա­թիւ ցու­ցան­մոյշ­նե­րէն կը շեշ­տեմ մա­նա­ւանդ այս մէ­կը, քա­նի որ ան Ար­ցա­խի տա­րած­քին յայտ­նա­բե­րո­ւած ա­մէ­նէն հին հա­յե­րէն ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը կը նկա­տո­ւի այ­սօր։ Թան­գա­րա­նի մէջ ե­րեք լե­զո­ւով բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կը տրո­ւին պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին, գտա­ծո­նե­րու առ­հա­սա­րակ՝ Տիգ­րա­նա­կեր­տի մա­սին։

Եւ տա­կա­ւին որ­քա՞ն ժա­մա­նակ անհ­րա­ժեշտ է՝ Տիգ­րա­նա­կեր­տը ամ­բող­ջու­թեամբ պե­ղե­լու հա­մար։

Այդ մէ­կը քա­նի մը տաս­նեակ տա­րի­նե­րու աշ­խա­տանք է։ Մենք տա­կա­ւին քա­ղա­քի շատ չնչին մա­սը բա­ցած ենք, քա­ղա­քը շատ հսկա­յա­կան է։
Մեր ար­շա­ւա­խում­բը տա­րո­ւան մէջ ըն­դա­մէ­նը քա­ռա­սուն-վաթ­սուն օր կ­'աշ­խա­տի։ Ե­ղա­նա­կա­յին պայ­ման­նե­րէն կա­խեալ՝ ա­ւե­լի հնա­րա­ւոր չէ։ Եւ մեր իւ­րա­քան­չիւր օ­րո­ւան աշ­խա­տան­քը կ'ար­ժէ 1000 ա­մե­րի­կեան տո­լար։ Մե­զի հետ հսկա­յա­կան խումբ կ­'աշ­խա­տի՝ մաս­նա­գէտ­նե­րէն մին­չեւ գոր­ծա­ւոր­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ օ­տա­րազ­գի­ներ։ Ի դէպ, այն ե­զա­կի ար­շա­ւա­խում­բե­րէն ենք, որ կը հո­գանք նաեւ մեր օ­տա­րազ­գի գոր­ծըն­կեր­նե­րու ճա­նա­պար­հա­յին եւ այլ ծախ­սե­րը։ Այս ա­մէն ին­չը կը կա­տա­րո­ւի՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ար­դիւնք ստա­նա­լու հա­մար։ Շատ շնոր­հա­կալ ենք Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ մեր աշ­խա­տանք­նե­րը հո­վա­նա­ւո­րե­լու համար։ Սա­կայն, ի հար­կէ, ար­շա­ւա­խում­բը տա­րե­կան շուրջ 130 հա­զար տո­լա­րի կա­րիք ու­նի՝ նիւ­թե­րու հե­տա­գայ մշակ­ման, տար­բեր տար­րա­լու­ծա­րան­նե­րու մէջ քննու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու, հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով­նե­րու մէջ մեր աշ­խա­տան­քը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար։
Մե­նք այդ գու­մա­րը եր­բեք չենք ու­նե­ցած, ես նոյ­նիսկ եր­կու ան­գամ դի­մած եմ ԻՒՆԵՍՔՕ-ին, որ, հա­կա­ռակ ա­նոր, թէ կը նկա­տուի մար­դու մշա­կոյ­թի ի­րա­ւուն­քը ա­պա­հո­վող կազ­մա­կեր­պու­թիւն՝ մեր­ժած է։
Միւս կող­մէ ալ Ատր­պէյ­ճա­նը մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու մէջ հա­կա­քա­րոզ­չու­թիւն կը կա­տա­րէ, ա­մէն տեղ մեր յայտ­նա­բե­րած քա­ղա­քին ա­նու­նը նշե­լով «Ա­ղո­ւան­քի Տիգ­րա­նա­կերտ» եւ մեզ՝ հայ պատ­մա­բան­ներս կո­չե­լով սու­տա­սան­ներ ու զեղ­ծա­րար­ներ։
Բայց ան­կախ ան­կէ՝ կը գտնո­ւի՞ն բա­ւա­րար մի­ջոց­ներ՝ գոր­ծը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար, թէ ոչ, ես այս պա­հուն կա­րե­ւոր կը նկա­տեմ այն, որ Տիգ­րա­նա­կեր­տը ար­դէն իբ­րեւ ա­ռան­ձին շնչող ու ապ­րող տա­րածք ար­դէն կայ, եւ ան միայն տա­րածք չէ, այլ՝ պատ­մու­թիւն, ո­գի, յաղ­թա­նա­կի հա­ւաս­տիք, հայ ժո­ղո­վուր­դի՝ այդ տա­րած­քի վրայ բնիկ ըլ­լա­լու ե­րաշ­խիք, եւ ա­նոր գո­յու­թեան հետ անհ­նար է հա­շո­ւի չնստի­լ։

Անուշ Թրուանց  - “Ժամանակ” օրաթերթ