Ֆրանսահայ երգիչ Փաթրիկ Ֆիորին 1993թ. առաջինն էր, որ Եւրոտեսիլին ելոյթ ունեցաւ՝ քորսիքերէն երգելով: 20 տարի յետոյ ան կրկին հնարաւորութիւն ունի ցոյց տալու, թէ հպարտ է իր ծագմամբ (հայրը հայ է, մայրը՝ քորսիքացի):

Եւրոտեսիլի պաշտօնական կայքը կը գրէ՝ նշելով, որ Ֆիորին երիտասարդ երգչուհի Աննա Էթչեգոյենի հետ ձայնագրած է «Պաչամամա» երգը (այմարերէն եւ քուեչուա լեզուով՝ «Երկրագնդի մայր»): Երգը Էթչեգոյենի «Պասկերի ձայներ» վերջին ալպումէն է: Երգիչները այն կատարած են քորսիքերէն եւ պասկերէն, տեղ-տեղ նաեւ քաստիլերէն:

Հայկական ծագմամբ ֆրանսացի ծանօթ երգիչ Փաթրիկ Ֆիորին մասնակցած է Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած՝ Մարսելի Ֆարօ պալատին մէջ կայացած կալա-երեկոյին:
Այդ բոլորի կապակցութեամբ ան հարցազրոյց տուաւ «La Provence» թերթին, որը կը ներկայացնենք ստորեւ.

Ինչո՞ւ կը մասնակցիք այս միջոցառման: Պարտքի զգացումէ՞, թէ՞ հաճոյքով:

Պարզապէս անոր համար, որ Հայաստանը իմ երակներուս մէջ է: Իմ արեան կէսը կը պատկանի այդ հրաշալի ժողովուրդին:

Դուք թէ քորսիկական, թէ հայկական ծագում ունիք։ Ո՞ր մշակոյթը ձեզ համար աւելի հոգեհարազատ է:

Երկուքն ալ: Ես ստացած եմ, կը կարծեմ, շատ լաւ դաստիարակութիւն ինչպէս քորսիկական, այնպէս ալ հայկական կողմէ: Ես կը պաշտեմ հօրս, եւ գիտեմ, թէ ատիկա որքան կարեւոր է անոր համար:

Երիտասարդ սերունդը ունի՞ նոր միջոց իրեն դրսեւորելու:

Այո, երիտասարդութիւնը ինչ որ կ'ուզէ կը ստեղծէ։ Կայ նաեւ համերաշխութիւն: Հայ համայքը ինծի շատ օգնած է, երբ ես նոր կը սկսէի՝ հնարաւորութիւն տալով երգել բոլոր տօնակատարութիւններուն: Ինծի կ'ուղեկցէին, որպէսզի ես կարողանամ իմ գործը կատարել արուեստի բոլոր կանոններուն համապատասխան: Ես կþուզեմ անոնց երախտագիտութիւն յայտնել մեծագոյն հաճոյքով:

Ինչո՞ւ դուք ընտրեցիք Ֆիորի եւ ոչ ձեր հայկական ազգանունը:

Որովհետեւ ես ամէն անգամ, տարիներով նոյն խնդրին առջեւ կը գտնուէի. կը տեսնէի, թէ ինչպէս կը գրէին իմ ազգանունը, անհեթեթ ձեւերով: Շուշայեան. ատիկա այնքան ալ բարդ չէ: Ինծի համար ամէն անգամ ցաւալի էր տեսնել, թէ ինչպէս կը խեղաթիւրէին իմ ազգանունը: Ես մինակս չորոշեցի վերցընել մօրս ընտանեկան ազգանունը: Գացի հօրս մօտ եւ ըսի. «Գիտես, Ֆիորին աւելի հեշտ է օտարներուն մօտ»: Ան ըսաւ. «Ըրէ, ինչ որ կþուզես»: Ան ինծի հասկցաւ: Երբեք չեմ մերժեր իմ հայու ինքնութիւնս, այլ հպարտութեամբ ցոյց կուտամ ամէն տեղ, եւ ամէն առիթով:
Ես կը սիրեմ մեր մշակոյթը, կը սիրեմ իմ հայկական արմատներս եւ ամէն առիթով պատրաստ եմ ծառայելու իմ ազգիս:


NEWS.am

Նշենք, որ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 2014ի հանգանակութեան ծիրէն ներս, Փաթրիք Ֆիորի իր գործօն եւ աշխուժ մասնակցութիւնը կը բերէ համահայկական այս ծրագիրի իրագործման: