Իրաքի Հայկական Համայնքը Նեղ Կացութեան Մէջ է

Սեպտեմբեր 19-20 տեղի ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցան համահայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, անդամներ: Այս ծիրէն ներս «Հայերն այսօր»ը զրուցեց Իրաքի Կեդրոնական վարչութեան ընթացաւարտ Ատենապետ Պրն. Պարոյր Յակոբեանի հետ:

Ինչպիսի՞ն է Իրաքի հայ համայնքի այսօրուան իրավիճակը:

Իրաքի գաղութը վերջին տարիներուն բաւական նեղ կացութեան մատնուած է, նօսրացման ենթարկուեցաւ քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով, եթէ 40-50 թուականներուն 40 հազար հայ կ'ապրէր այնտեղ, այսօր տաս հազար են միայն, արտագաղթը սկսած է 1958 թուականի յեղափոխութենէն ետք, անշուշտ աւելի դանդաղ կերպով, Սատամի իշխանութեան տարիներուն եւս արտագաղթողներ կային, 2003 թուականէն սկսեալ տեղի ունեցած պատերազմին պատճառով, մինչ օրս արտագաղթի մեծ թափը կը շարունակուի:
Հայերը աւելի կեդրոնացած են Պաղտատի, Պասրայի, Մուսուլի եւ Քերքուկի մէջ: Այսօր Քիւրտիստանի պայմանները համեմատաբար աւելի լաւ ըլլալով, հայերը միւս քաղաքներէն կը գաղթեն դէպի հիւսիսայյին շրջաններ: Ինչ կը վերաբերի հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքին, Պ.Հ.Ե.Ե.Միութիւնը, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, Ի.Հ.Տ.Մ.Միութիւնը կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը պահպանել՝ կազմակերպելով մշակութային կամ մարդասիրական ձեռնարկներ, իսկ ՀՄԸՄ-ը կþիրականացնէ մարզական զանազան ծրագիրներ:
Պասրայի մէջ շատ քիչ հայեր մնացած են, եկեղեցին կը գործէ, իսկ Մուսուլի բոլոր հայերը դժբախտաբար քաղաքէն հեռացած են, բարեբախտաբար այդտեղի եկեղեցին չէ վնասուած, այնտեղ նաեւ մարդկային վնասներ չունինք, բայց մարդիկ իրենց տարիներու կուտակածը, տուն տեղ լքելով հեռացած են աւելի ապահով վայրեր:
Այսօր Էրպիլի մէջ նոր գաղութ կը կազմաւորուի. միւս քաղաքներէն գաղ- թող հայերը կը փորձեն հաւաքուիլ եկեղեցւոյ շուրջ, կիրակնօրեայ դպրոց հիմնելով եւ տարբեր ազգային ձեռնարկներ կազմակերպելով: Էրպիլի եւ Քերքուկի մէջ նոր եկեղեցիներ կը կառուցուին, նշեմ, որ Քերքուկի մէջ շատ քիչ հայեր մնացած են..

Ի՛նչ կը պատմէք ազգային վարժարաններու մասին, քանի՞ դպրոց կը գործէ այսօր։

Սատամի ժամանակ մեր ազգային վարժարանները պետականացուած էին, 2003-էն վերջ մենք առաջինը եղանք, որ կրկին ազգային վարժարան հիմնեցինք. սկիզբը բաւական աշակերտութիւն ունէինք. խանդավառ էինք նոր ծրագիրներ մշակեցինք, բայց ամէն ինչ փոխուեցաւ արտագաղթի պատճառով, այս տարի Պաղտատի ազգային դպրոցը կը յաճախէ 85 աշակերտ միայն: Միւս հայաշատ քաղաքներուն մէջ, ոչ մէկ հայկական դպրոց կը գործէ: Քիւրտիստանի քաղաքներէն՝ Զախոյի մէջ հայկական մանկապարտէզ մը կայ, Էրպիլի եւ Տհօքի մէջ Կիրակնօրեայ դպրոցներ ունինք: Իսկ Պասրայի մէջ, նախկին ազգային դպրոցին մէջ կը դասաւանդուի հայոց լեզու եւ կրօն:

Իրաքահայութիւնը որքանով մասնակից է Իրաքի քաղաքական կեանքին:

Խորհրդարանին մէջ հայ չունինք բայց Քիւրտիստանի Խորհրդարանին մէջ մէկ հայ կայ, որ Քիւրտիստանի կուսակցու- թեան անդամ է եւ հայութեան խնդիրները կը պաշտպանէ:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ծրագիրներ նախատեսուա՞ծ է կազմակերպել Իրաքի մէջ:

Կեդրոնական յանձնախումբ նշանակուած է, յանձնախումբի նախագահը Իրաքի Առաջնորդ՝ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանն է, ատենապետը ես եմ, ատենադպիրը՝ Պրն. Մելքոն Մելքոնեանն է, գործող բոլոր հայկական միութիւններէն ներկայացուցիչներ նշանակուած են, Միջին Արեւելքի ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու խորհրդաժողովներուն կը մասնակցինք: Իրաքի ներկայ պայմաններուն մենք չենք կրնար քաղաքականօրէն ձեռնարկներ կազմակերպել: Մենք կը պատրաստուինք 100- ամեակը նշել հետեւեալ ձեւով. 10 հատ խաչքար պատուիրած ենք բոլոր եկեղեցիներուն մէջ զետեղելու համար, նկարիչ Անդրանիկ Օհաննէսեան 100 կտաւ պիտի պատրաստէ, այդ առիթով ցուցահանդէս պիտի կազմակերպենք՝ հրաւիրելով հայ եւ օտար մտաւորականներ ինչպէս նաեւ պետական այրեր, իրաքահայ բանաստեղծ՝ Արամ Սրկ. Քէթէնճեան ցեղասպանութեան նուիրուած 100 քառեակ պիտի գրէ, խորհրդաժողովներ պիտի կազմակերպենք հրաւիրելով արաբ մտաւորականներ:

Ինչպէ՞ս կը գնահատէք սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովը:

Նման ժողովներ մեծ առիթ մըն են համախմբելու Սփիւռքի հայութիւնը, որոնք իրենց դժուարութիւններն ու ձեռքբերումները կը փոխանակեն. Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան Ցեղասպանութեան ձեռնարկներն ու սուրիահայութեան հարցը, անդրադարձ եղաւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հարցեր, որոնք բաւական կարեւոր են։ Ընդհանրապէս կը կարծեմ Հայաստանի անկախութեան ամէնէն լուրջ ձեռքբերումներէն մէկը սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումն է, ժամանակին կար մշակութային կապի կոմիտէն, որուն գործերը սահմանափակ էին, մինչդեռ հիմա սփիւռքի նախարարութիւնը բաւական ծաւալուն, նպատակայարմար ծրագիրներ կþիրականացնէ..

Դուք Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս, ՀՀ նախագահին կողմէ պարգեւատրուեցաք «Մովսէս Խորենացի» յուշամետալով, ի՞նչ ըսելիք ունիք այդ մասին։

Խորին շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ Պրն նախագահին եւ սփիւռքի նախախար Տիկ. Հրանոշ Յակոբեանին, այս պարգեւը հաճելի է ու պարտաւորեցնող: Վերջապէս յաջողութիւն կը մաղթեմ նախարարութեան բոլոր ազգանուէր եւ հայապահպան ծրագիրներուն:


Զրուցեց Սօսէ Աւագեան
HAYERN AISOR