«Սանա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 250 տեղահանուած քեսապցի ընտանիքներ Քեսապի ազատագրումով, եւ սուրիական բանակին աւանի ապահով յայտարարումով՝ սկսած են վերադառնալ իրենց բնօրրանը։

Վիրաւորներ Եւ Զոհեր

ՀԱԼԷՊ.- Երեքշաբթի, 17 Յունիսին, Նոր Գիւղի մէջ տագնապալի վիճակ ստեղծուած է. Զուարթնոց եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող, «Ֆաթայեր Ճանօ» խանութին մօտ տեղացած հրասանդի եւ հրթիռներու հետեւանքով այրած է Ճանոյի խանութը.

Սուրիոյ ապրած դաժան տագնապին մէջ, յատկապէս անցնող երեք տարիներուն՝ սուրիահայութիւնը իր կեցուածքով դրսեւորեց տիպար քաղաքացիի վարք։

Ուաշինկթընի մէջ ամերիկահայութիւնը սուրիահայերուն սատարելու կոչով բողոքի ցոյցեր կատարեց Սպիտակ տան դիմաց:

Քեսապի մէջ բանակին կողքին՝ մուտք գործած են նաեւ ենթակառոյցներու վերականգնման խմբակները՝ վերանորոգելու համար ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հեռաձայնի գիծերն ու խողովակները, առ ի նախապատրաստութիւն քեսապցիներու տունդարձին: