Յունիս 24-ին Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կրթամշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայոց պատմութեան եւ Հայոց Մեծ Եղեռնի նիւթով շարադրութեան մրցոյթ:


Արդէն աւանդական դարձած մրցոյթները, ինչպէս առաջ, կազմակերպուած էին Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ:
Շարադրութեան խորագիրն էր «Յիշիր եւ պահանջիր հատուցում» եւ «Այլեւս երբեք Ցեղասպանութիւն»: Բացուած ծրարներու միջոցով աշակերտներուն շարադրութիւն գրելու համար վիճակուեցան հետեւեալ 6 նիւթերը.
1. Ապրիլեան մտորումներ
2. Նամակ թուրք անծանօթ հասակակցիս
3. Անթառամ ծաղիկներ Տէր-Զօրի անապատին մէջ
4. Քաջ վանեցիի յուշերէն
5. Ծիծեռնկաբերդի յուշահամալիրին մէջ
6. Երդում
Հայոց պատմութեան մրցոյթի խորագիրն էր, ինչպէս եւ անցեալ տարի, «Մեր Հողը Սուրբ է , Ջուրը՝ Մեռոն, Մարդիկ ՝ Կերոն, Աստուածն՝ Ամենազօր»:
ՎՀՕՄ-ի ատենապետուհի Կարինէ Թադէւոսեանի խօսքերով՝ շարադրութեան նիւթը երեխաներուն համար միաժամանակ շատ բարդ եւ ծանօթ նիւթ է եւ կը ներկայացնէ Հայ ժողովուրդի ամենամեծ ողբերգութիւնը: Սակայն նոյն ժամանակ, չնայած հոգեբանօրէն բոլորիս համար դժուար նիւթի Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին,անկարելի էր անցնիլ Հայոց Մեծ Եղեռնի նիւթի քովէն:
«Շատ կարեւոր է, թէ իրենց շարադրութեան մէջ երիտասարդները ինչպէս են մօտենալու մեր ժողովրդի ամենամեծ ողբերգութեանը եւ ինչ լուծումներ կþառաջարկեն թրքական մերժողականութեան դէմ պայքարելու համար»,-իր խօսքին մէջ նշեց ՎՀՕՄ-ի ատենապետուհի Կարինէ Թադէւոսեանը:


akhaltskha.net