Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Լէոնիտ Թիպիլով յայտնած է, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ չճանչցուած Հարաւային Օսեթիան ճանչցած է արդիւնքը ինքնահռչակ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան հանրաքուէին, որ կայացած էր Մայիսին:

«Յարգելով Լուկանսքի Ժողովրդային Հանրապետութեան ժողովուրդին կամքի արտայայտութիւնը՝ հանրապետութիւնը կը ճանչնայ հանրաքուէին արդիւնքները», ըսած է ան:
Մեկնաբանելով Լուկանսքի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի դիմումը հանրապետութիւնը անկախ ինքնիշխան պետութիւն ճանչնալու մասին՝ Հարաւային Օսեթիոյ նախագահը յայտնած է. «Հանրապետութիւնը պատրաստ է կառուցողական որոշում տալու եւ պիտի ղեկավարուի միջազգային իրաւունքի համընդհանուր ճանչցուած արժէչափերով»:
10 Յունիսին Լուկանսքի Ժողովրդային Հանրապետութիւնը դիմած է 15 պետութիւններու՝ խընդրելով ճանչնալ հանրապետութիւնը:
Դիմումներ ստացած երկիրներու շարքին են Ռուսիան, Հայաստանը, Աբխազիան, Պիելոռուսիան, Վենեզուելան, Ինկուշեթիան եւ Ղազախստանը: