Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ Գալիլիոյ շրջանին մէջ յայտնաբերած է առեւանգուած երեք իսրայէլացի բնակեցուածներուն դիակները:

Բանակը Գալիլիոյ քաղաքին հիւսիսային մուտքերը զինուորական փակ շրջան յայտարարած է, մինչեւ որ անհրաժեշտ ստուգումները եւ ախտաճանաչումները կատարէ եւ յստակացնէ դիակներու ինքնութիւնը:
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն երեք իսրայէլացիներու սպանութիւնը անարդարանալի «ահաբեկչական արարք» նկատած է:
Այլ երկիրներու քաղաքական ղեկավարներ եւս դատապարտած են առեւանգումը, զայն քստմնելի ահաբեկչութիւն բնորոշելով։