Հալէպի մէջ կը շարունակուի կենցաղային էական տարրերու՝ ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապը, իսկ ջերմաստիճանը կը հասնի մինչեւ 40-ի:

Ապահովական վիճակը եւս ցարդ չէ բարելաւուած, զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ արձակուող հրասանդներն ու հրթիռները կը շարունակեն վտանգել խաղաղ բնակչութեան կեանքը: