ԱՄՆ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, հիւրաբար թեմը այցելող Հայաստանի Արթիկի թեմի առաջնորդ եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժինի վարիչ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին՝ Կիրակի, Յուլիս 27, 2014ին Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ։
Առաջնորդ սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ, առաւօտեան ժամը 9:45ին կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին սկսաւ Ս. պատարագի արարողութիւնը, զոր մատոյց Յովակիմ եպս. Մանուկեան:
«Հայր մեր»էն առաջ, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան ափսէի մէջ դրուած Հայրապետական սրբատառ երեք կոնդակներ ի ձեռին գրող եւ մտաւորական Գրիշ Դաւթեանը եւ կինը, Պօղոս Գուբելեանը եւ կինը, նաեւ Գէորգ Քրիստինեանը, մոմակալներու եւ սարկաւագներու թափօրով Մայր տաճարի գաւիթէն առաջնորդեց դէպի դաս, մինչ երգչախումբը կ՛երգէր «Ուրախ Լեր»ը:
Հայր սուրբը բարձրացաւ խորան, ապա Խաժակ քհնյ. Շահպազեան ընթերցեց վերոյիշեալ երեք մտաւորականներուն յղուած ընդհանուր սրբատառ կոնդակը:
Կաթողիկոսը Գրիշ Դաւթեանին ուղղուած իր կոնդակին մէջ գրած էր.
«Գոհունակութեամբ ենք անդրադառնում հայորդուդ գրական գործունէութեանը, որն արգասաւորուած է Ձեր խոհերն ու զգացումները արտայայտող բանաստեղծական ժողովածուներով: Ձեր ստեղծագործութիւնները թարգմանուել են տարբեր լեզուներով եւ արժանացնել գրականասէրների ընդունելութեանն ու գնահատանքին: Հայոց գրականութեան զարգացման ու տարածման ասպարէզում ունեցած ծառայութիւնների համար, Դուք արժանացել էք պատուաւոր պարգեւների: Ուրախութեամբ ենք հաստատում, որ ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան Թեմում Դուք շարունակում էք գրական առաքելութիւնը՝ բարի նպաստ բերելով Ամերիկահայ համայնքում մայրենի լեզուի եւ հայ գրականութեան հանդէպ սիրոյ զօրացմանը, ազգային ոգու ու գիտակցութեան պահպանմանը»:
Կաթողիկոսը գրութիւններով պատուած է նաեւ Պօղոս Գուբելեանն ու Գէորգ Քրիստոնեանը:
Ապա առաջնորդը ուրախութեամբ հրաւիրեց Յովակիմ եպս. Մանուկեանը, որ հաւատացեալներուն փոխանցէ օրուան իր հոգեւոր պատգամը:
Եպիսկոպոս Մանուկեան հաւատացեալներուն փոխանցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութիւնները եւ մեր հայրենակիցներու ողջոյնները, ապա քարոզեց օրուան խորհուրդին մասին՝ որպէս բնաբան ունենալով օրուան Ս. Աւետարանի ընթերցումէն առնուած «Դա՛ է որդի իմ սիրելի, դմա լուարուք»: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան եւ կատարեց իր մեկնաբանութիւնները:
Յովնան արք. Տէրտէրեանի տնօրինումով, «Տէր Ողորմեա»ի ընթացքին, հաւատացեալները իրենց աղօթքին մէջ յիշեցին մալեզիական օդանաւի զոհերը, Միջին Արեւել- քի մեր հայրենակիցները եւ Լիզպոնի մէջ նահատակուած հայ ազատամարտիկները: Ապա մեծ թիւով հաւատացեալներ Հաղորդութիւն ստացան:
Առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հաւատացեալները առիթն ունեցան շնորհաւորելու պարգեւատրեալները: