- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Նոյեմբեր 18ին, իր երկրին քաղաքապետերու ժողովին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ, կոչ ուղղեց կազմելու ընդլայնուած դաշինք մը՝ ՏԱՀԵՇի եւ ահաբեկչութեան վճռական հարուածներ հասցնելու համար` նշելով, թէ հարցը կը վերաբերի խմբաւորումի մը, որ ամբողջ աշխարհին կը
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Նոյեմբեր 13ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններէն ետք կորսուած համարուող 17ամեայ ֆրանսահայ Լոլա Ուզունեան մահացած է: Այս մասին NEWS.amին յայտնած է Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի (Ֆ.Հ.Կ.Հ.-CCAF) նախագահ Մուրատ Փափազեան: Անոր համաձայն՝ լուրը ծնողներուն յայտնած են իրաւապահները. ծնողները ճանչցած են իրենց աղջկան անկենդան մարմինը: Մուրատ Փափազեանի փոխանցմամբ, դեռ շարք մը փորձաքննութիւններ պէտք է իրականացուին:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Երկուշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցած է հայ սրբանկարչութեան դասընթացքի հետեւողներուն հետ։ Այս երկրորդ տարին է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանը հայ սրբանկարչութեան յատուկ դասընթացք
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Վան նահանգի Արճէշի շրջանի Թոնդրակ գիւղին մէջ, թուրք զինուորներ այրած են զոհուած քիւրտ մարտիկներու դիակները, ապա՝ մոխրացած դիակներուն վրայ շուրջպար բռնած են,- կը հաղորդէ քրտական լրատու գործակալութիւնը: Նոյեմբեր 15ին Արճէշի Թոնդրակ գիւղին մէջ թուրք զինուորներու ու
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ձայներու գերակշռող մեծամասնութեամբ, Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը Կիրակի՝ Նոյեմբեր 15ին, Լիոնի մէջ կայացած համաժողովին ընթացքին, վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մը, ըստ որուն՝ Օսմանեան Կայսրութիւնը ցեղասպանութիւն իրագործած է հայ ժողովուրդին հանդէպ: