­Նո­յեմ­բեր 13ին ­Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րէն ետք կոր­սո­ւած հա­մա­րո­ւող 17ա­մեայ ֆրան­սա­հայ ­Լո­լա Ու­զու­նեան մա­հա­ցած է: Այս մա­սին NEWS.amին յայտ­նած է Ֆ­րան­սա­յի ­Հայ­կա­կան ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ­Հա­մա­կար­գող ­Խոր­հուր­դի (Ֆ.Հ.Կ.Հ.-CCAF) նա­խա­գահ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան: Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ լու­րը ծնող­նե­րուն յայտ­նած են ի­րա­ւա­պահ­նե­րը. ծնող­նե­րը ճանչ­ցած են ի­րենց աղջ­կան ան­կեն­դան մար­մի­նը: ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեա­նի փո­խանց­մամբ, դեռ շարք մը փոր­ձաքն­նու­թիւն­ներ պէտք է ի­րա­կա­նա­ցո­ւին: