altՖ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա ­Հոլ­լանտ ­Նո­յեմ­բեր 18ին, իր երկ­րին քա­ղա­քա­պե­տե­րու ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նած խօս­քին մէջ, կոչ ուղ­ղեց կազ­մե­լու ընդ­լայ­նո­ւած դա­շինք մը՝ ՏԱՀԵ­Շի եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան վճռա­կան հա­րո­ւած­ներ հասց­նե­լու հա­մար` նշե­լով, թէ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի խմբա­ւո­րու­մի մը, որ ամ­բողջ աշ­խար­հին կը

սպառ­նայ եւ ոչ թէ միայն ո­րոշ եր­կի­րի մը:

«Ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ու­զե­ցին՝ իր պաշտ­պա­նած տիե­զե­րա­կան ար­ժէք­նե­րը հա­րո­ւա­ծե­լու ճամ­բով` Ֆ­րան­սան մղել խա­ւա­րի ու վա­խի»,- ը­սաւ ­Հոլ­լանտ: Ան յայտ­նեց, որ ֆրան­սա­ցի ժո­ղո­վուր­դը պաշտ­պա­նե­լը պար­տա­ւո­րու­թիւն մըն է` նշե­լով, թէ ամ­բողջ Ֆ­րան­սա­յի տա­րած­քին պի­տի ամ­րապն­դէ քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­պա­հո­վա­կան ու­ժե­րը:

Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հը յայտ­նեց, որ ­Սու­րիոյ մէջ ՏԱՀԵ­Շի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ մագլ­ցում ար­ձա­նագ­րո­ւած է` նշե­լով, որ «­Շարլ տը ­Կօլ» օ­դա­նա­ւա­կի­րը ե­րէկ նա­ւար­կած է մաս­նակ­ցե­լու հա­մար այդ հա­րո­ւած­նե­րուն:

­Հոլ­լանտ յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը ո­րո­շած է սահ­մա­նա­յին հսկո­ղու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նել` նշե­լով, որ ա­ռա­ջար­կած է ընդ­լայ­նել Ֆ­րան­սա­յի մէջ յայ­տա­րա­րո­ւած ար­տա­կարգ դրու­թիւ­նը:

Անդ­րա­դառ­նա­լով ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րու կող­մէ խու­զար­կու­թիւն­նե­րուն` ան յայտ­նեց, որ ա­նոնց նպա­տա­կը հա­ւա­նա­կան մեղ­սա­կից­նե­րը բա­ցա­յայ­տելն է, ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թիւ­նը մե­կու­սաց­նելն ու մաք­սա­նեն­գու­թեան վերջ տա­լը` ա­ւելց­նե­լով, որ Ֆ­րան­սա պէտք է ար­տա­կարգ վի­ճակ­նե­րու դի­մա­կայ­ման հա­մար օ­րէնսդ­րա­կան ա­մուր են­թա­հող մը ու­նե­նայ` նշե­լով, թէ ինք յանձ­նա­րա­րած է նաեւ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում կա­տա­րել:

­Հոլ­լանտ յայտ­նեց, որ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պա­տե­րազ­մը սկսած է տա­րի­ներ ա­ռաջ, սա­կայն ա­հա­բեկ­չու­թեան վերջ տա­լու հա­մար յա­ւե­լեալ ժա­մա­նա­կի կա­րիք կայ: