­Ռու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին յանձ­նա­րա­րած է ստո­րագ­րել ­Հա­յաս­տա­նի հետ ­Կով­կա­սի մէջ միա­ցեալ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կարգ (Հ.Օ.Պ.) ստեղ­ծե­լու մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը,- կը հա­ղոր­դէ Tert.am՝ վկա­յա­կո­չե­լով ԹԱՍՍ գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:

«Ըն­դու­նել ­Ռու­սաս­տա­նի ­Դաշ­նու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ ­Կով­կա­սեան տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան հա­մար տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կարգ ստեղ­ծե­լու վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագր­ման մա­սին Ռ.Դ. կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջար­կը»,- ը­սո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: ­Նա­խա­պէս ­Ռու­սիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­ւա­նու­թիւն տո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նի հետ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին միա­ցեալ հա­մա­կար­գի ստեղծ­ման մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րին: Օ­րերս հա­ղոր­դո­ւած է նաեւ, որ ­Մոս­կո­ւա եւ ­Թեհ­րան ստո­րագ­րած են С-300 Հ.Օ.Պ. հա­մա­կար­գե­րու մա­տա­կա­րար­ման վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը: