Երկուշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցած է հայ սրբանկարչութեան դասընթացքի հետեւողներուն հետ։ Այս երկրորդ տարին է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանը հայ սրբանկարչութեան յատուկ դասընթացք
կը կազմակերպէ Կաթողիկոսարանէն ներս, Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի ուսողութեամբ։ Այս տարի եւս, աշակերտներ պիտի ծանօթանան հայ սրբանկարչութեան արուեստին եւ գործնապէս պիտի սորվին սրբանկարներ պատրաստելու արուեստը: Վեհափառ Հայրապետը՝ իր հայրական խօսքը ուղղելով դասընթացքի հետեւողներուն, նախ գնահատեց անոնց ունեցած սէրն ու նուիրումը հայ սրբանկարչութեան նկատմամբ։ Ան, ընդհանուր գիծերով բացատրեց սրբանկարներուն աստուածաբանական խորքն ու իմաստը, եւ հայ եկեղեցւոյ մօտեցումը՝ թէ՛ իքոններու եւ թէ՛ սրբանկարներու նկատմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի ցուցաբերած նախանձախնդիր աշխատանքը։ Ապա՝ Նորին Սրբութիւնը աւելի մօտէն ծանօթացաւ դասընթացքի հետեւող աշակերտներու աշխատանքին։