Կը նախատեսուի Ջաւախքի մէջ եւս բանալ «Թումօ» Ստեղծարար Արհեստագիտութեանց (տեխնոլոգիաներու) Կեդրոն (Ս.Ա.Կ.): Ծրագրի իրագործման համար այժմ առաջնահերթ խնդիրը կեդրոնի համար համապատասխան շէնքի ընտրութիւնն է: Այս մասին Նոյեմբեր 16ին յայտարարած է «Թումօ» Ստեղծարար Արհեստա գիտութեանց Կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան՝ «Ջաւախքին Աջակցութիւն» Հիմնադրամի առաջին հաշուետու նիստի ժամանակ:
«Կեդրոնի ստեղծման համար մեր նախատեսած երկու շէնքը փլատակ վիճակի մէջ են եւ մեծ աշխատանք կը պահանջուի՝ զանոնք բարեկարգելու համար: Մօտաւորապէս երկու տարի անհրաժեշտ պիտի ըլլայ վերանորոգման, անհրաժեշտ կահոյքով, համակարգիչներով եւ այլ տեխնիկական պարագաներով ապահովելու համար»,- մանրամասնած է Փափազեան:
Կեդրոնը պիտի ըլլայ Ախալքալաք քաղաքին մէջ: Պիտի ընտրուի այնպիսի տարածք, որ հետագային ընդլայնելու հնարաւորութիւն ունենայ, եթէ կեդրոնին մէջ սորվիլ ցանկացողներու թիւը նախատեսուած 900ը գերազանցէ:
Աշակերտները պիտի յաճախեն տարբեր հերթափոխներով, որովհետեւ բոլորին միաժամանակ ընդունիլ հնարաւոր չէ: Փափազեանի խօսքերով՝ պիտի ստեղծուին բոլոր հնարաւոր պայմանները, որպէսզի կեդրոնը հասանելի ըլլայ ոչ միայն Ախալքալաքի, այլեւ շրջանի գիւղերու երեխաներուն համար: Անոնք պիտի ապահովուին երթեւեկութեան միջոցներով եւ այլ յարմարութիւններով: Կեդրոնին մէջ կրնան ուսանիլ 12-18 տարեկան բոլոր փափաքողները` առանց բացառութեան:
«Մեր առաքելութիւնն է պատրաստել անհատներ, որոնք պիտի ըլլան մրցունակ, ինքնավստահ եւ օգնել անոնց՝ բացայայտելու իրենց ստեղծագործական ներուժը: Առաջին երկու ամիսը կարելի է համարել ընդհանուր ունակութիւններու զարգացման շրջան, երբ նորեկը կը ծանօթանայ միջավայրին ու ուսուցման պայմաններուն, կը ստանայ ընդհանրական գիտելիքներ: Յետոյ, կողմնորոշուելով իր նախընտրութիւններու հարցով, կ՛ընտրէ յստակ ուղղուածութիւն եւ կը խորացնէ հմտութիւնները այդ բնագաւառին մէջ»,- ըսած է կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնը:
«Թումօ» կեդրոնը անվճար արտադպրոցական ծրագիր է, ուր 12-18 տարեկան պատանիները կ՛ուսանին սեփական յանձնառութեամբ: Առաջին Թումօն ստեղծուած է Երեւանի մէջ` Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու նախաձեռնութեամբ` Սիմոնեան Կրթական Հիմնադրամի կողմէ եւ իր դռները բացած է աշակերտներու առջեւ 2011ի Օգոստոս 14ին: Կեդրոնական Դրամատան «Գիտելիք յանուն զարգացման» ծրագրի շնորհիւ, 2013ի Փետրուարէն, Թումօն կը գործէ նաեւ Դիլիջանի մէջ (մօտ 300 ուսանող ունի): Թումօ-Հ.Բ.Ը.Մ. գործակցութեամբ 2015ի Մայիսին բացուեցաւ նաեւ Գիւմրիի Թումօ կեդրոնը: 2015ի Սեպտեմբեր 2ին Թումօ կեդրոն բացուեցաւ նաեւ Լ.Ղ.Հ. մայրաքաղաքին մէջ:
Գործակցութիւնը միտում ունի տարածելու Թումօն Հայաստանի այլ քաղաքներով, ինչպէս նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս:
Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 20ին, Լոռիի մարզպետին եւ մարզպետարանի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ խորհրդակցութեան ժամանակ, յայտնած է, որ «Թումօ» Ստեղծարար Արհեստագիտութեանց Կեդրոն պիտի բացուի նաեւ Վանաձորի մէջ: