Ինչպէս արդէն հաղոր-դած էինք Երուսաղէմի հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունուար 23-25ին:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Բաբգէն Ծ. վրդ. Անոյշեան, յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով Երուսաղէմի պատրիարքական աթոռին համար, նշած է թէ ինք թեկնածուներէն մէկն է:
Թեկնածուներու շարքին են նաեւ Արիս արք. Շիրվանեանը, Վիգէն արք. Այքազեանը, Նուրհան արք. Մանուկեանը, Խաժակ արք. Պարսամեանը:

Պատրիարքը կ՛ընտրեն համագումարի 34 անդամներ: