Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր մը պիտի հաստատուի Սեւրի մէջ, Մխիթարեան միաբանութեան պատկանող Սամուէլ Մուրատ վարժարանի շէնքերուն մէջ:

Ծրագիրը, որ կ՛իրագործուի «Սեւր 2015» ընկերակցութեան կողմէ, պիտի պարփակէ թանգարան մը,  հետազօտական եւ դասախօսական կեդրոն մը: «Սեւր 2015» ընկերակցութեան նախագահ Ժիրայր Կէրկէրեան յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան կեդրոնական հարցէն անդին, որ հայերու Ֆրանսա հաստատուելուն ծննդեան վկայագիրն է, այս  ծրագիրի նպատակն է մայր քաղաքին մէջ հիմնարկի վերածել հայկական ներկայութիւնը եւ փորձառութիւնը, աւելցնելով, որ էապէս քաղաքացիական ծրագիր մըն է այս մէկը,  ուժականութեան տէր, գիտական, դէպի ապագան յարող, որ պարզ թանգարանային եւ յուշագրային շրջափակէն անդին կ՛անցնի:
Յուշահամալիրին շուրջ հետազօտական կեդրոնը պիտի քննարկէ եւ արտադրէ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու    մասին ուսումնասիրութիւններ եւ միաժամանակ այլ երեւոյթներու քննարկումներ պիտի իրագործէ, ինչպէս՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային նիւթեր, որոնք առնչուած են ֆրանսահայերու հարիւրամեայ գոյութեան ու անոնց քաղաքացիական յանձնառութեան:
Ծրագիրին սկիզբ պիտի տրուի անկախ հիմնադրամի մը հաստատումով, որ պիտի օգտուի եկամուտէն միաբանութեան անշարժ գոյքերուն, որոնք իտէալական դիրք ունին,  տեղա¬ կայուած՝ Փարիզի մօտ եւ շրջապատուած հայահոծ համայնքներով: Համալիրին բացումը նախատեսուած է 2015-ին՝  Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: