Ցրտաշունչ ձմեռը սկսած է իր ակռաները ցոյց տալ:
Սուրիոյ հայաշատ քաղաքներէն ամենավատ վիճակի մէջ է Հալէպը, որովհետեւ երկրի մէջ համատարած կենցաղային դժուարութիւններէն բացի՝ վնասուած տուները շատ են. պայթումներու եւ կրակոցներու ձայները կը շարունակուին։

Հալէպի Մէջ Հացի Եւ Վառելանիւթի Տագնապը Կը Շարունակուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպի մէջ արդէն քանի օրէ ի վեր հացի եւ վառելանիւթի շեշտուած տագնապ կայ։  Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ գրեթէ անկարելի է հաց գտնել Հալէպի մէջ: Վառելանիւթի հարցը եւս օրհասական է, քանի որ  «սեւ շուկայ»ին մէջ արդէն իսկ բաւական սուղ եղող վառելանիւթին գինը կրկնապատկուած է:
Բախումներ տեղի կ՛ունենան քաղաքի կեդրոնական շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական թաղամասերուն մօտակայքը:
Ռէյիսեան յայտնած է, որ Նոր Գիւղի հայկական թաղամասին մէջ յաճախ կը լսուին թնդանօթներու կամ ականանետներու ձայները: Թէժ մարտերը կը շարունակուին Նոր Գիւղին մօտ գտնուող Պոսթան Պաշա թաղամասին մէջ, ուր գտնուող հայկական ծերանոցը արդէն իսկ նախապէս տեղափոխուեցաւ։
Տեղեկութիւններ կան նաեւ այն մասին, որ Հալէպի մէջ 11 Դեկտեմբերին հայ մը եւս առեւանգուած է, սակայն տակաւին մանրամասնութիւններ չկան։
Գամիշլիի եւ Քեսապի մէջ նոյնպէս կենցաղային դժուարութիւններ կան դպրոցները կը գործեն, հաց եւ վառելանիւթ կայ, բայց շատ սուղ է։
Դամասկոսի մէջ օդակայանի ճանապարհին օրեր շարունակ շարունակուող մարտերէն ետք իրավիճակը աւելի հանդարտ է: Կառավարական ուժերը մեծ վնասներ հասցուցած են զինեալներուն: Այնտեղ նոյնպէս հացի խնդիր կայ՝ քաղաքի բնակչութեան աճի պատճառով հացը չի բաւարարեր։

Քուէյթի Կառավարութիւնը Որոշում Տուաւ Օգնելու Սուրիահայերուն

Երեւանի Նար Դոսի անուան դպրոցին մէջ գործող Կիլիկեան վարժարանը երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի մէջ Քուէյթի ար-տակարգ եւ լիազօր դեսպան Պասամ Մոհամետ Քապանտին: Վերջինս Քուէյթի պատրաստակամութիւնը յայտնեց սուրիահայութեան օգնութեան ձեռք մեկնելու: Քուէյթի կառավարութեան կողմէ կազմուած պատուիրակութիւնը արդէն Հայաստան կը գտնուի: Պատուիրակները պիտի ծանօթանան սուրիահայութեան այժմու խնդիրներուն եւ պիտի որոշեն օգնութեան ձեւաչափը:
Դեսպանը երէկ այցելեց նաեւ «Արամ Մանուկեան» կեդրոն եւ ծանօթացաւ «Օգնի՛ր Եղբօրդ» նախաձեռնութեան կամաւորներու աշխատանքին: «Քուէյթի կառավարութիւնը որոշում տուած է օժանդակելու Հալէպի եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող սուրիահայերուն: Մտահոգուած ենք նաեւ այստեղ գտնուող սուրիահայ ուսանողներուն եւ աշակերտներուն խնդիրներով: Ներկայացուցին դպրոցի խնդիրները: Կը խոստանամ, որ օգնութիւնը ժամանակին պիտի հասնի», ընդգծեց դեսպանը:
Նոյնպէս, Դեկտեմբեր 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Քուէյթի դեսպանը եւ Միջազգային իսլամական բարեգործական կազմակերպութեան ղեկավար Մոհամմետ Ս. Մ. Ապուկէյթը, «Քուէյթ Նիւզ» գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Համետ ալ Ամիրիը: Հանդիպման ընթացքին դեսպան Պասսամ Մուհամմատ ալ Քապանտին նախարարին տեղեկացուցած էր, որ իր՝ Քուէյթ կատարած այցի ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն մօտ 100.000 տոլարի աջակցութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ:
Հանդիպման աւարտին որոշուեցաւ նպատակակէտ ընդունիլ 200 առաւել կարիքաւոր ընտանիքներուն առաջին անհրաժեշտութեան պարէնամթերքով, տաք հագուստով կամ ծածկոցներով ապահովումը: Սփիւռքի նախարարութեան օգնութեամբ անոնք տեղոյն վրայ պիտի ուսումնասիրեն եւ պիտի ծանօթանան իրավիճակին, այնուհետեւ անհրաժեշտութեան պարագային նոր մօտեցումներ պիտի որդեգրեն:

Էջմիածին կը սկսի սուրիահայութեան օժանդակելու ծրագիրի

Սնունդ եւ հիմնական անհրաժեշտութեան առարկաներ
պիտի տրամադրուին կարիքաւոր 200 ընտանիքներու

ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Արմինիա Նաու».- Էջմիածինի մէջ գործող կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է արագ արձագանգման ծրագիրի՝ Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերուն օգնելու նպատակով:
Հայաստանեան «Կլոր սեղան» միջեկեղեցական հիմնադրամը՝ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ «Եկեղեցիների համատեղ գործողութիւն» կառոյցի ֆինանսաւորմամբ, արագ արձագանգման ծրագիրով կը միտի սնունդ եւ հիմնական անհրաժեշտութեան առարկաներ տրամադրել կարիքաւոր 200 ընտանիքներու:
Մայր աթոռի տեղեկատուական կեդրոնին համաձայն, մարդասիրական օգնութեան եւ պարէնային ծրագիրի մեկնարկը տրուած է 10 Դեկտեմբերին: Ծրագիրը կ՛իրականանայ Արարատեան Հայրապետական թեմին հետ համագործակցաբար:
Նախաձեռնութեան իր զօրակցութիւնը յայտնած է նաեւ մայրաքաղաքի մեծ հանրային առեւտուրի «Երեւան սիթի» ցանցը: 11- 17 Դեկտեմբերին թեմի առաջնորդարանին մէջ հիմնադրամը այս ծրագիրէն օգտուող ընտանիքներուն պիտի տրամադրէ յատուկ տոմսեր, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ որոշ պարբերականութեամբ անհրաժեշտ գնումներ կատարել «Երեւան սիթի» խանութներէն: Բացի ատկէ, «Կլոր սեղան»ի աշխատակիցներն ու թեմի հոգեւորականները պիտի կատարեն տնային այցելութիւններ, որոնց ընթացքին պիտի ծանօթանան այդ ընտանիքներուն կարիքներուն, որպէսզի ատոր հիման վրայ նաեւ հոգեւոր աջակցութիւն ցուցաբերուի: